Հակառակ Պաքուի Միջամտելու Փորձերուն, «Դրախտի Դարպասը» Ֆիլմին Նկարահանումները Ամբողջացած Են

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

«Դրախտի Դարպասը» ֆիլմը արտադրողները տարածած են հաղորդագրութիւն մը, ուր նշուած է.

«Կը կարծենք հասած է ժամանակը ձեր հետ կիսուելու, որ ատրպէյճանական համայնքը դեռ Հոկտեմբեր ամսուան սկիզբէն կը փորձէր խափանել մեր ֆիլմին արտադրութիւնը:

Անոնց առաջին փորձը՝ խոչընդոտելու լիտուական նկարահանումները, մենք կանխեցինք ու պատուով աւարտեցինք նկարահանումները՝ շնորհիւ մեր խումբին վճռականութեան եւ յամառութեան:

Օրեր առաջ հրապարակուած էր հետեւեալ յօդուածը, նաեւ անուանական նամակներ ուղարկուած մեր հետ համագործակցող լիթվիացի եւ ֆրանսացի ֆիլմարտադրողներուն:

Գլխաւոր հերոսի դերակատար Ռիխըրտ Զամելի գործակալը նոյնպէս ստացած էր այդ նամակը:

Ցաւալի է, որ ֆիլմի համարտադրողները եւ օտարերկրացի դերասանները ստիպուած բախած են նման երեւոյթներու հետ, երբ անոնց առաջնային նպատակը խաղաղութեան պահպանումն է եւ տարածքի ամենավտանգաւոր հակամարտութեան մասին իրազեկուածութիւնը:

Ստորեւ «Թրենդ»ի յօդուածը.

«ԼՂ ատրպէյճանական համայնքի ղեկավար Թուրալ Կէանջալիեւը, բողոքի նամակ ուղարկած է ատրպէյճանական գրաւուած տարածքներու վրայ նկարահանուող «Դրախտի Դարպասը» ֆիլմի համարտադրողներուն: Բողոքի նամակին մէջ՝ ուղղուած Գեսդուդիս Տրազտաուգասին եւ Անժէլիքա Շուլըրին, նշուած է, որ աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ֆիլմը անուանել «Դժողքի Դարպասը», քանի որ նկարահանուող տարածքները գրաւուած եղած են բռնի ուժով ու այնտեղ բնակուող հազարաւոր ատրպէյճանցիներ վտարուած են իրենց հարազատ հողերէն: Ուղղելով խօսքը Գեսդուդիս Տրազտաուսգասին եւ Անժէլիքա Շուլըրին՝ Կեանճալիեւ յիշեցուցած է, որ Հայաստանը գրաւած է Ատրպէյճանի Լեռնային Ղարաբաղի մարզը ու անոր յարակից 7 շրջանները՝ իրականացուած ռազմական յարձակման իբրեւ արդիւնք»:

Ֆիլմի յետ-արտադրական ծախսերուն օժանդակութեան ակնկալիքով՝ մենք դիմած ենք քանի մը միջազգային հիմնադրամի, սակայն նման մօտեցումները կը տկարացնեն դրական արդիւնքի ակնկալիքները: Մենք չենք յուսահատիր:

Այժմ մենք, ինչպէս երբեք, ունինք ձեր նիւթական աջակցութեան կարիքը՝ աւարտին հասցնելու համար «Դրախտի Դարպասը» ֆիլմի յետ-արտադրական փուլին աշխատանքները:

«GoFundMe» հարթակին մենք արդէն հասած ենք 5010 տոլարի, սակայն պէտք է համալրենք նաեւ 21,200 տոլար: Օգնեցէ՛ք մեզի օգնելու Արցախին՝ միջազգային հարթակներու վրայ զայն ճանաչելի դարձնելու համար այս իսկ ֆիլմով: Մենք մօտ ենք վերջնագիծին, եւ ձեր  ներգրաւուածութեամբ կրնանք հասնիլ արդիւնքի:

Աջակցելու համար այցելել՝ www.gofundme.com/gatetoheaven կայքէջը։