Դուք Ստացած էք Հասարակութեան Սպասելիքները Արդարացնելու Լայն Հնարաւորութիւններ. ՀՀ Նախագահը Մասնակցեցաւ Նոր ԱԺ-ի Առաջին Նիստին

Հայաստան

Հայաստանի մէջ Դեկտեմբեր 9-ին կայացած արտահերթ ընտրութիւններուն արդիւնքները ներկայ Ազգային ժողովը օժտած են բարձր օրինականութեամբ: Այս մասին, 7-րդ գումարման Ազգային ժողովի առաջին նիստին ընթացքին ունեցած իր ելոյթին ընթացքին ըսած է ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան:

 

«Նոր Ազգային ժողովի եւ նոր կառավարութեան ձեւաւորումով կ՝աւարտի քաղաքական փոփոխութիւններու առաջին փուլը, կը սկսի յաջորդ՝ յոյսերու եւ խոստումներու իրականացման, հետեւողական, յամառ եւ ամենօրեայ աշխատանքի փուլը: Յարգելի պատգամաւորներ, դուք ստացած էք լայն հնարաւորութիւններ կեանքի կոչելու թաւշեայ յեղափոխութեան գաղափարները եւ արդարացնելու հասարակութեան սպասելիքները՝ կերտելու նոր Հայաստան»,- ըսած է ՀՀ նախագահը:

 

Արմէն Սարգսեան նշած է, որ 7-րդ գումարման խորհրդարանի պատգամաւորներու գործունէութեան յաջողութիւնը մեծապէս կապուած պիտի ըլլայ Հայաստանի քաղաքացիի աջակցութենէն եւ անոր մասնակցութենէն հասարակական, քաղաքական, տնտեսական,  մշակութային եւ կրթական կեանքին: