Ֆրանսահայ Հայագէտներ Վեհափառ Հայրապետին Այցելեցին

Սփիւռք

Հինգշաբթի, 10 Յունուար 2019-ին, ֆրանսահայ հայագէտներ Քլոտ Մութաֆեան եւ Ռեմոն Գէորգեան այցելեցին Արամ Ա. կաթողիկոսին:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ հայագիտութեան պարզած ներկայ կացութեան: Վեհափառ հայրապետը շեշտեց հայագիտական մարզին յատուկ կարեւորութիւն տալու անհրաժեշտութիւնը եւ այս ծիրին մէջ յայտնեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը զանազան աշխատանքներու ճամբով կը շարունակէ իր նպաստը բերել հայագիտութեան զարգացման:

Յայտնենք, որ փրոֆ. Քլոտ Մութաֆեան եւ Ռեմոն Գէորգեան իրենց վաստակով կարեւոր տեղ կը գրաւեն հայագիտութեան մարզին մէջ: Անոնք կը գտնուին Անթիլիասի մայրավանքին մէջ` մասնակցելու «Մետաքսի Ճամբուն» նուիրուած խորհրդաժողովին: