ԵԱՀԿ-ի Նախագահութիւնը Ստանձնած Սլովաքիա Պիտի Ջանայ Արցախի Հարցի Կարգաւորման Նպաստել

Աշխարհ, Հայաստան

«Սլովաքիա, ԵԱՀԿ-ի նախագահութիւնը ստանձնելով՝ մտադիր է օգտագործել հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան բանակցային գործընթացին մէջ նկատուող դրական միտումները՝ կարգաւորման ջանքերը յառաջ տանելու համար»,- 10 Յունուարին յայտարարեց Սլովաքիոյ արտաքին գործոց նախարար եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ Միրոսլաւ Լայչաք: Այս մասին կը հաղորդէ Azatutyun.am-ը։

«Մենք մեր կարելին պիտի ընենք օգուտներ քաղելու համար Մերձտնեսթրի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւններու կարգաւորման գործընթացներուն մէջ ստեղծուած ազդակներէն», աւելցուց դիւանագէտը՝ ընդգծելով, որ միջնորդական ջանքերը պիտի ըլլան «անկողմնակալ, արդար եւ ազնիւ»։

Նշենք, որ Սլովաքիա ԵԱՀԿ-ի նախագահութիւնը ստանձնեց այս տարուան սկիզբը: