Կարօ Փայլանը Անձեռնմխելիութենէն Զրկելու Վերաբերեալ Միջնորդութիւն Ներկայացուցած է Նաեւ Դատախազութիւնը

Աշխարհ, Սփիւռք

Թուրքիոյ նախագահականէն ետք քրտամէտ «Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան (HDP) հայ երեսփոխան Կարօ Փայլանը անձեռնմխելիութենէն զրկելու միջնորդութիւն ներկայացուցած է նաեւ Տիարպեքիրի դատախազութիւնը:

Այս մասին կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը՝ վկայակոչելով demokrathaber.org-ը:

Դատախազութիւնը միջնորդութիւնը ներկայացուցած է Փայլանի դէմ Թուրքիոյ օրէնսգիրքի 301 յօդուածով  սկսած հետաքննութեան ծիրէն ներս: Յօդուածը թուրք ժողովուրդին եւ Թուրքիոյ պետութեան, պետական մարմիններու հասցէին վիրաւորանք հնչեցնելու համար պատիժ կը նախատեսէ։

Փայլանի նկատմամբ հետաքննութիւնը սկսած է անոր ըրած յայտարարութենէն ետք, երբ ան ըսած էր. «Տիարպեքիրի ամէն անկիւնը կարելի է ռազմական սարքեր ու ջրցան մեքենաներ տեսնել, ինչ որ կը յիշեցնէ Հիթլերի ու Մուսոլինիի ժամանակաշրջանը»:

Իշխանութիւններուն կողմէ պատգամաւորի յայտարարութիւնը դիտուած է որպէս վիրաւորանք թրքական իշխանութիւններուն եւ պետութեան նկատմամբ:

2018-ի Դեկտեմբերի վերջը Թուրքիոյ նախագահականը կրկին Կարօ Փայլանը անձեռնմխելիութենէն զրկելու միջնորդութիւն ներկայացուցած էր:

Թուրքիոյ նախագահականը, Փայլանէն բացի, պատգամաւորական անձեռնմխելիութենէն զրկելու միջնորդութիւն ներկայացուցած է նաեւ խորհրդարանի եւս 7 երեսփոխաններու համար:

Միջնորդութիւնը ուղարկուած էր Թուրքիոյ խորհրդարանի սահմանադրական եւ արդարադատութեան խառն յանձնաժողով, որու հաստատումէն ետք պիտի ուղարկուի Արդարադատութեան նախարարութիւն: