ԱԺ Պատգամաւորներուն Կ՝առաջարկեմ Համատեղ Յայտարարութեամբ Հանդէս Գալ՝ Ի Պաշտպանութիւն Կարօ Փայլանի. Արսէն Խառատեան

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

ՀՀ վարչապետի նախկին խորհրդական Արսէն Խառատեան, դիմատետրի իր էջին վրայ կատարած արձանագրութեամբ, ԱԺ 7-րդ գումարման Ազգային ժողովի պատագամաւորներուն կ՝առաջարկէ համատեղ յայտարարութեամբ հանդէս գալ՝ ի պաշտպանութիւն Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ Կարօ Փայլանի:

 

Գրութիւնը ամբողջութեամբ կը ներկայացնենք Արեւմտահայերէնի վերածուած.

ՀՀ 7-րդ գումարման Ազգային ժողովի սիրելի գործընկերներ՝

Յունուար 14-ին, Ձեր իրաւասութիւնները պաշտօնապէս ստանձնելէ անմիջապէս ետք, կ՝առաջարկեմ համատեղ յայտարարութեամբ հանդէս գալ ի պաշտպանութիւն Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ մեր հայրենակից` Կարօ Փայլանի: Ինչպէս գիտէք, թրքական պետութիւնը արդէն երկար ժամանակ է` Փայլանի դէմ բռնաճնշումներ կը բանեցնէ, իսկ այս պահուն, անոր եւ իր շարք մը գործընկերներու դէմ գործ յարուցուած է այդ երկրին մէջ դեռ գործող չարաբաստիկ 301-րդ յօդուածին հիմքերով: Յիշեցնեմ, որ այս իսկ յօդուածով կը հետապնդուէր ուղիղ 12 տարի առաջ Պոլսոյ մէջ սպաննուած «Ակօս»-ի խմբագիր Հրադ Տինքը:

 

Խորհրդարանական համակարգի անցած բացառիկ օրինականութեամբ այս Ազգային ժողովը յայտարարութեամբ նաեւ պէտք է ուղերձ յղէ Գործադիրին, իսկ մասնաւորապէս Արտաքին գերատեսչութեան, աշխարհի տարբեր մայրաքաղաքներու եւ միջազգային կառոյցներու մէջ՝ մեր դիւանագիտական առաքելութիւններուն յանձնարարելու համակարգուած աշխատանք տանիլ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող գործընթացները դատապարտող յայտարարութիւններ, ելոյթներ եւ բանաձեւեր ընդունելու ուղղութեամբ: Խորհրդարանական դիւանագիտութիւնը առաջիկային ունենալիք ամպիոնները կրնայ օգտագործել խնդիրը բարձրաձայնելու համար, իսկ հայկական Սփիւռքի քաղաքական կառոյցները վստահաբար աշխոյժ կերպով պիտի աջակցին գործընթացին:

 

Յայտարարութիւնը, առաջին հերթին, պիտի ունենայ Փայլանի եւ իր գործընկերներու կեանքին սպառնացող վերահաս վտանգը որոշ կերպով կանխելու նպատակ, խորհրդանշական պիտի ըլլայ սակայն նաեւ նախադէպը, երբ ժողովուրդի անվերապահ վստահութիւնը վայելող Օրէնսդիրը՝ առաջին իսկ օրէն՝ ցոյց պիտի տայ, որ կան հարցեր, որոնց պարագային, մենք, անկախ ամէն ինչէ, միասնական ենք:

 

Բոլորիս բարի եւ խաղաղ ընթացք…