Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանի Բակին Մէջ Նոր Խաչքարներ Տեղադրուած Են
Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի բակին մէջ տեղադրուած են նոր խաչքարներ, որոնք տարուած էին Հայաստանէն: Այս մասին կը կարդանք Պոլսոյ Հայոց պատրիարքութեան դիմատետրի էջէն:
Խաչքարները, Յունուար 9-ին, օծուած են Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի փոխանորդ Բարձր Տ. Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեանի կողմէ:
Խաչքարներուն պատրաստութիւնը հովանաւորած է սասունցի բարերար Քրիստիան Կելիճին: