ՀՀ Կառավարութիւնն ու ԿԴ-ն Կրցան Լուծել Ներկայացուած Խնդիրը, 2018-ի Գնաճը Կազմած է 1.8 տոկոս. Փաշինեան

Հայաստան

Հայաստանի մէջ 2018-ի գնաճը կազմած է 1.8 տոկոս: ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան՝ դիմատետրի իր էջին այս մասին արձանագրութիւն կատարած է, ուր կ՝ըսուի:

 

«Ի հեճուկս կանխատեսումներուն, թէ 2018-ին պիտի արձանագրուի 3, նոյնիսկ 3.5-4 տոկոս գնաճ, 2018 թուականի գնաճը կազմած է 1.8 տոկոս: Ի հարկէ, պահ մը գնաճի վարքագիծը իրօք մտահոգիչ էր, բայց կառավարութիւնը եւ Կեդրոնական Դրամատունը (ԿԴ) կրցան հասնիլ ներկայացուած խնդիրին՝ գնաճի զսպման խնդիրի լուծման»: