Տօնական Օրերուն Արցախի Մէջ Լոյս Աշխարհ Եկած է 39 Փոքրիկ

Այլեւայլ, Հայաստան

2019 Յունուար 1-7 Արցախի Հանրապետութեան մէջ լոյս աշխարհ եկած է 39 փոքրիկ՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի 25-ի համեմատ:

 

Ըստ Artsakhpress.am-ի՝ ԱՀ գլխաւոր մանկաբարձ-կանացի բժիշկ Մանուշակ Սարգսեան ըսած է, որ Ստեփանակերտի ծննդատան մէջ, տօնական օրերուն, արձանագրուած է 28 ծնունդ, որուն 18-ը աղջիկ, իսկ 10-ը՝ տղայ:

 

ԱՀ առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններով՝ նոյն ժամանակահատուածին, Մարտակերտի բժշկական հաստատութեան մէջ, արձանագրուած է 6 ծնունդ, որուն 4-ը աղջիկ, իսկ 2-ը՝ տղայ, Մարտունիի բժշկական միաւորման մէջ՝ 4 ծնունդ, 3 տղայ, մէկ աղջիկ, իսկ Հադրութի մէջ ծնած է 1 աղջիկ:

 

Արցախի մէջ ծնած 39 երեխաներէն 24-ը աղջիկ է, իսկ 15-ը՝ տղայ: