Ճրագալոյցի Արարողութիւն Ֆիքսի Ս. Յովհաննու Կարապետ Եկեղեցւոյ Մէջ

Սփիւռք
Այսու կը տեղեկացնենք Ատտիկէի մեր հաւատացեալ ժողովուրդի զաւակները, թէ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօներուն առիթով, Շաբաթ 5 Յունուար 2019-ին, Յունաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, պիտի հանդիսապետէ եւ պատգամէ Նէոս Գոզմոս (Ֆիքս)-ի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ, Ճրագալոյցի Արարողութեան երեկոյեան ժամը 6-ին:
Առաջնորդարան Յունաստանի Հայոց Թեմի