ՀՀ Նորընտիր Ազգային Ժողովի Առաջին Նիստը Տեղի Պիտի Ունենայ Յունուար 14-ին

Հայաստան

Դեկտեմբեր 9-ին կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններուն իբրեւ արդիւնք ձեւաւորուած նորընտիր Ազգային Ժողովի առաջին նիստը տեղի պիտի ունենայ Յունուար 14-ին, ժամը 10:00-ին։ Այս մասին, այսօր, Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նիստին յայտարարեց ԿԸՅ նախագահ Տիգրան Մուկուչեան:

«Ղեկավարուերլով «ՀՀ Ընտրական օրէնսգիրք» սահմանադրական օրէնքի 100-րդ յօդուածի 1-ին մասով, ինչպէս նաեւ «ԱԺ կանոնակարգ» սահմանադրական օրէնքի 32-րդ յօդուածի 2-րդ մասով, համաձայն որուն ԱԺ արտահերթ ընտրութեան պարագային առաջին նստաշրջանը կը հրաւիրուի նորընտիր Ազգային ժողովի կազմաւորումէն ետք երկրորդ Երկուշաբթի օրը, ժամը 10-ին, որուն մասին կը յայտարարէ ԿԸՅ նախագահը, կը յայտարարեմ՝

ԱԺ Դեկտեմբեր 9-ի արտահերթ ընտրութիւններով ընտրուած նորընտիր ԱԺ առաջին նստաշրջանի օր կը յայտարարուի 2019 Յունուարի 14-ի Երկուշաբթի օրը, ժամը 10.00-ին»։

Նշենք նաեւ, որ ԿԸՅ այսօրուան նիստին կազմուեցաւ արձանագրութիւն, որմով բաշխուեցան իրաւագրերը խորհրդարանական երեք ուժերուն միջեւ:

Ըստ այդմ՝ ԱԺ-ի մէջ մեծամասնութիւն պիտի կազմէ «Իմ քայլը» դաշինքը, որ պիտի ունենայ 88 պատգամաւոր, երկրորդը պիտի ըլլայ «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութիւնը՝ իր 26 պատգամաւորներով: Խորհրդարանական երրորդ եւ ինքզինք ընդդիմադիր հռչակած ուժը «Լուսաւոր Հայաստան»ն է, որ պիտի ունենայ 18 պատգամաւոր: