«Մենք Ենք, Մեր Սարերը» Յուշարձանը Հանուեցաւ Ատրպէյճանի Տաղաւարէն. Ապու Տապիի Փառատօն

Աշխարհ

ԵՌԱԳՈՅՆ.- Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մայրաքաղաք Ապու Տապիի մէջ, քաղաքի նախկին էմիր եւ Էմիրութիւններու նախկին նախագահ շէյխ Զայտ իպն Սուլթանի պատուին իրականացուած պատմամշակութային ժառանգութեան նուիրուած ամենամեայ փառատօնին՝ Ատրպէյճանը իր տաղաւարը ներկայացուցած էր արցախեան հանրայայտ «Մենք ենք, մեր սարերը», կամ, ինչպէս ժողովուրդը կ’ըսէ, «Պապիկ-տատիկ» յուշարձանի տեսքով:

Վարդան Մուրատեան

Սուրիահայ ձեւաւորող Վարդան Մուրատեան, որ այժմ կը բնակի Լիբանանի մէջ, ԵՌԱԳՈՅՆ-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ փառատօնի բացումէն առաջ բողոքով դիմած է նախաձեռնութեան կազմակերպիչներուն, նշելով, որ տուեալ յուշարձանը հայկական է եւ Ատրպէյճանի հետ կապ չունի։ Սակայն, կազմակերպիչները, այնուամենայնիւ, յուշարձանը տեղադրած են Ատրպէյճանի տաղաւարին մէջ։
Փառատօնի բացումէն ետք՝ ատրպէյճանական եւ այլ լրատուամիջոցներ անդրադարձած են նոյն հարցին։ Վարդանը այդ հրապարակումները ուղարկած է կազմակերպիչներուն եւ դարձեալ յայտնած՝ իր բողոքը, որուն հիման վրայ՝ այսօր երեկոյեան՝ յուշարձանը հանուած է Ատրպէյճանի տաղաւարէն։

Յուշարձանը հանուելու պահուն