Սուրիոյ Քիւրտերը Մանպիճը Յանձնած են Ասատին

Աշխարհ

Սուրիոյ քրտական ուժերը յայտարարած են Մանպիճ շրջանէն դուրս գալու մասին:

Այդ մասին, ըստ Ermenihaber.am-ի, յայտնի դարձած է Սուրիոյ քրտական «Ժողովրդական ինքնապաշտպանական ջոկատներ»ու (ԺԻՋ-YPG) յայտարարութենէն, ուր մասնաւորապէս ըսուած է.

«Թուրքիոյ յարձակումէն պաշտպանուելու համար Սուրիոյ կառավարութեան ուժերը կը հրաւիրենք Մանպիճ, ուրկէ մենք դուրս կու գանք»:

Արդէն թրքական շարք մը լրատուամիջոցներ կը յայտնեն, որ Սուրիոյ կառավարական ուժերը մտած են Մանպիճ եւ այնտեղ տեղադրած են Սուրիոյ պետական դրօշը:

Կը նշուի, որ քիւրտերը այդ քայլին դիմած են, երբ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, թէ թրքական բանակը, յառաջիկային, Եփրատ գետի արեւելեան հատուածին վրայ, Սուրիոյ քրտական ուժերուն դէմ ռազմական գործողութիւն սկսելու կը պատրաստուի: