Տիարպեքիրի Հայերը Այս Անգամ Նոյնպէս Չեն Կրնար Սուրբ Ծնունդը Հայկական Եկեղեցւոյ Մէջ Նշել

Աշխարհ, Էրկիր

Տիարպեքիրի հայերը, այս անգամ ալ, չեն կրնար Սուրբ Ծննդեան տօնակատարութիւնը իրականացնել Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ: Այդ մասին, ըստ Akunq.net-ի, կը յայտնէ Կ.Պոլսոյ մէջ հրատարակուող «Ակօս» շաբաթաթերթը:

Պարբերականը կը յիշեցնէ, որ Դեկտեմբեր 25-ին, համայն աշխարհի, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ կաթոլիկ, բողոքական եւ ուղղափառ քրիստոնեաները կը նշեն Յիսուս Քրիստոսի Ծնունդը, իսկ Հայ առաքելական եկեղեցին զայն կը տօնէ Յունուար 6-ին։

Թուրքիոյ մէջ նոյնպէս, յատկապէս Պոլսոյ, Հաթայի, Իզմիրի եւ Մերսինի եկեղեցի այցելած քրիստոնեաները Սուրբ Ծնունդը նշած են աղօթքներով ու ժամերգութիւններով։

Պոլսոյ մէջ տօնակատարութիւններու կեդրոնը, ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս եղած է  Թաքսիմի մէջ գտնուող Սուրբ Անթուան կաթոլիկ եկեղեցին։

Հաթայի մէջ, Սուրբ Ծնունդի առիթով, Անթաքիոյ ու Իսքենտերունի ուղղափառ եկեղեցիներուն մէջ պատարագ մատուցուած է։

Անթաքիոյ (Անտիոք-Ակունքի խմբ.) ուղղափառ եկեղեցւոյ համայնքի հիմնադրամի ղեկավար Ֆատի Հուրիկիլը լրագրողներուն տեղեկացուցած է, որ պատարագին մասնակցած են բոլոր կրօններու հետեւորդ` Թուրքիոյ բազմաթիւ քաղաքացիներ։ Ան նաեւ նշած է, որ պատարագի ժամանակ աղօթած են աշխարհի խաղաղութեան համար, ապա աւելցուցած. «Դիմաւորեցինք Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը։ Այդ երջանիկ օրը մեր եկեղեցին լեփ-լեցուն էր։ Եկեղեցի եկած էին ոչ միայն Անթաքիայէն, այլեւ՝ Թուրքիոյ բոլոր վայրերէն. ներկայ էին բոլոր հաւատքներու հետեւորդները։ Կը մաղթեմ, որ Սուրբ Ծնունդն ու մօտալուտ Նոր Տարին յաջողութիւն բերեն նախ մեր երկրին, ապա` համայն աշխարհին ու մարդկութեան»։

Անթաքիոյ ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած պատարագը մատուցած են եկեղեցւոյ հոգեւոր առաջնորդ Ժան Տելիւլլերն ու քահանայ Տիմիթրի Տողումը։

Իզմիրի Սէլչուք գաւառին մէջ գտնուող Սուրբ Մարիամ Աստուածածինի տան մէջ Սուրբ Ծննդեան առիթով պատարագ մատուցուած է։

Մերսինի Լատին կաթոլիկ եկեղեցւոյ եւ ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ կատարուած պատարագին մասնակիցները մոմ վառած են ու աղօթած։

Տիարպեքիրի մէջ ասորիներն ու քաղդէացիները սուրբծննդեան տօնակատարութիւնը այս տարի եւս նշած են Սուրիչի թաղամասին էմջ գտնուող եւ 1700-ամեայ  պատմութիւն ունեցող Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։ Այս եկեղեցւոյ քահանայ Եուսուֆ Աքպուլութի ղեկավարութեամբ մատուցուած պատարագը տեւած է 2.5 ժամ։ «Արթը գերչէք» լրատուականին հարցազրոյց տուած Եուսուֆ Աքպուլութ յիշեցուցած է, որ այդ օրը Յիսուս Քրիստոսի ծնունդն է եւ մաղթանք յղած. «Այո՛, ցաւօք սրտի, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ պատերազմ է։ Ամէն օր մարդիկ կը մահանան։ Կ՝աղօթենք։ Կը փափաքինք, որ այլեւս պատերազմ չըլլայ, եւ տիրեն խաղաղութիւնն ու եղբայրութիւնը։ Կը մաղթեմ, որ այս օրը խթանէ խաղաղութեան ու եղբայրութեան տարածման»։

Պատարագին մասնակցած են նաեւ քաղաքին մէջ ապրող հայերը։ Տիարպեքիրի մէջ գտնուող Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ ու շրջակայքի ելումուտը կը շարունակէ փակ մնալ  նահանգապետարանին կողմէ։ Տիարպեքիրցի հայերը գալիք Յունուար 6-ը եւս պիտի անցնեն առանց իրենց եկեղեցիներուն մէջ մատուցուող պատարագի։

Իսկ Պոլսոյ Զողրաֆէոն ուսումնարանի աշակերտներն ու ծնողները երգեր երգած են Պէյօղլու թաղամասի փողոցներուն մէջ եւ ամանորեայ կարկանդակներ բաժնած են անցորդներուն։