Ստեփանակերտի Մէջ Երկու Նոր Թաղամաս Պիտի Կառուցուի

Հայաստան

Ստեփանակերտի մէջ, յաջորդ տարուան ընթացքին, պիտի կառուցուի ընդհանուր մօտ 500 բնակարան նախատեսող 2 թաղամաս՝ քաղաքի Տիգրան Մեծ եւ Թումանեան փողոցներուն վրայ։ Կառուցուող բնակարաններուն մօտ 30%-ը պիտի գնուի պետութեան կողմէ, իսկ մօտ 70%-ը պիտի իրացուի հիփոթեքային ծրագիրներու ծիրէն ներս։ Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։

Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան, տարուան ամփոփիչ ասուլին ժամանակ նշած է, որ առաջին խումբի բնակարանները՝ պետութեան ստանձնած պարտաւորութիւններու ծիրէն ներս՝ պիտի նուիրաբերուին համապատասխան հասարակական խումբերուն պատկանող անձերու, իսկ երկրորդ խումբի բնակարանները պիտի իրացուին 1 մա 280 հազ. դրամ արժէքով։ Բնակարանները պիտի ըլլան 2, 3 եւ 4-սենեականոց։ 2-սենեականոց բնակարաններուն մակերեսը նախատեսուած է 55 մա, 3-սենեականոցը` 75 մա, 4-սենեականոցը` 95 մա։

«Յաջորդ տարին գիւղական բնակավայրերու մէջ բնակող քաղաքացիներու բնակարանային պայմաններու բարելաւման համար տրամադրուող փոխառութիւններու տարեկան տոկոսադրոյքը առաջնային շուկայի մէջ պիտի սահմանուի 1 տոկոս՝ գործող 5 տոկոսի փոխարէն, իսկ կանխավճարը՝ 5 տոկոս՝ գործող 10 տոկոսի փոխարէն, երկրորդային շուկայէն բնակարանի ձեռքբերման պարագային՝ փոխառութեան մարման ժամկէտը պիտի սահմանուի 10 տարի՝ գործող 6 տարուան փոխարէն»,- ըսած է ան։

Արցախի մէջ 2018 Յունուար-Նոյեմբեր ամիսներուն իրականացուած շինարարութեան ծաւալը կազմած է աւելի քան 43 միլիառ դրամ՝ ապահովելով նախորդ տարուան նոյն ցուցանիշի նկատմամբ 10.5% իրական աճ: Շինարարութեան շուրջ 45%-ը կատարուած է պետական պիւտճէի միջոցներու հաշուին (19.6 միլիառ դրամ):

Մարտիրոսեան ընդգծած է, որ 2018-ի ընթացքին հիփոթեքային վարկաւորման պետական աջակցութեան ծրագիրին ծիրէն ներս՝ 433 ընտանիք բարելաւած է իր բնակարանային պայմանները, անոնց 238-ը՝ նոր բնակարան ձեռք բերելով։

Անդրադառնալով պետական պիւտճէին, պետական նախարարը ըսած է, որ 2018 Յունուար-Նոյեմբերի ընթացքին պետական պիւտճէ մուտքագրուած հարկային եկամուտները եւ տուրքերը կազմած են 48 միլիառ դրամ` նախորդ տարուան նոյն ցուցանիշը գերազանցելով 38.3%-ով կամ 13.3 միլիառ դրամով։ «Աւելի հաւաքագրուած գումարէն 9701.6 միլիոն դրամը պայմանաւորուած է «Բէյզ Մեթըլս» ՓԲԸ-ի կողմէ վճարուած հարկային եկամուտներու աճով, իսկ 3593.7 միլիոն դրամը ապահովուած է Արցախի մէջ արձանագրուած տնտեսական աճին եւ հարկային մարմինին կողմէ իրականացուած հետեւողական վարչարարութեան իբրեւ արդիւնք»,- յայտարարած է ան՝  աւելցնելով, որ 2019-ի համար նախատեսուած է պետական պիւտճէի սեփական եկամուտներու աճ` 2018-ին սպասուող ցուցանիշին նկատմամբ 5.7%-ով, հարկային եկամուտները պիտի աճին 5.3%-ով: