ՀՀ Կառավարութիւնը Մօտ 6 Միլիառ Դրամ Կ՝ուղղէ 1141 Զինծառայողի Բնակարանային Խնդիրը Լուծելուն

Հայաստան

ՀՀ կառավարութեան պահուստային ֆոնտէն՝ Պաշտպանութեան նախարարութեան պիտի յատկացուի 5 միլիառ 705 միլիոն դրամ՝ զինուորական ծառայութեան ընթացքին իբրեւ բնակարանային պայմաններու բարելաւման կարիք ունեցող հաշուառուած, սակայն զինուորական ծառայութեան ընթացքին սեփականութեան իրաւունքով անհատոյց բնակարան չստացած եւ առողջութեան կամ տարիքի կամ երկարամեայ ծառայութեան զինուորական կենսաթոշակի անցնելու առիթով զինուորական ծառայութենէն սահմանուած կարգով արձակուած նախկին զինծառայողներուն բնակարան ձեռքբերելու նպատակով պետական մասնակցութեան չափով աջակցութիւն ցուցաբերելու համար: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը

«2018 Դեկտեմբեր 1-ի դրութեամբ սահ­­­­­մանուած կարգով՝ բնակարանային պայմաններու կարի­քա­ւոր ճա­նչցուված եւ ՀՀ պաշտ­պա­­­­­նութեան նախարարութիւն ներկայացուած ցու­­­­­­ցակ­ներուն հիման վրայ բնակ­­­­հաշուառման հեր­­­­­թա­ցուցակներուն մէջ ընդգրկուած է 1141 նախկին զինծառայողներու ըն­տա­­­­նիք, որոնցմէ 326-ը՝ Երեւանի մէջ: Կը նախատեսուի՝ շահառուներու գրաւոր համաձայնութեան պարագային՝ իւրաքանչիւրին տրամադրել 2 տարի մարման ժամկէտով եւ միջինը 5.000.000 դրամ արժէքով բնակարանի գնման վկայագիր»,- ըսած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Դաւիթ Տօնոյեան:

Առաջին փոխվարչապետ Արարատ Միրզոյեան նկատած է, որ այս նախագիծով վերջապէս հնարաւոր պիտի ըլլայ լուծել զինծառայողներու բնակարանային խնդիրը: «Հաշուի առնելով, որ նշուած զինծառայողներու փոքր թիւը երեւանաբնակ է՝ տարբեր քաղաքներու մէջ  հնարաւոր պիտի ըլլայ զինծառայողներու մեծ մասին այդ 5 միլիոն դրամով գնել բնակարան»,- ըսած է Միրզոյեան:

Դաւիթ Տօնոյեան, իր հերթին, նշած է, որ այդ միջոցները զինծառայողները կրնան ուղղել բնակարան կառուցելուն, կամ սեփական միջոցները աւելցնելով՝ աւելի թանկարժէք բնակարան գնելուն: