Թուրքիան Հետզհետէ Աւելի Քիչ կը Գրաւէ Օտարերկրացի Ներդրողները

Աշխարհ

Թուրքիոյ տնտեսական քաղաքականութեան ուսումնասիրման հիմնադրամի (TEPAV) գնահատականով՝ Թուրքիան հետզհետէ աւելի քիչ կը հետաքրքրէ արտասահմանցի ներդրողներուն։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով sozcu.com.tr-ը։

TEPAV-ի զեկոյցին համաձայն՝ 2018-ի Հոկտեմբերի դրութեամբ արտասահմանէն Թուրքիոյ մէջ կատարուած ուղղակի ներդրումներուն ծաւալը կազմած է 10․7 միլիառ տոլար։ Իսկ Թուրքիայէն արտասահմանի մէջ կատարուած ներդրումներուն ծաւալը կազմած է 3․8 միլիառ տոլար։

Այսպիսով, Թուրքիոյ մէջ կատարուած արտասահմանեան ներդրումներու եւ երկրէն դուրս Թուրքիայէն կատարուած ներդրումներու յարաբերակցութիւնը նախորդ տարուան համեմատ աճած է 14 տոկոսով՝ հասնելով 35 տոկոսի։

Զեկոյցով ուշադրութիւն կը հրաւիրուի այն հանգամանքին վրայ, որ այդ յարաբերակցութեան աճը մէկ կողմէն ցոյց կու տայ, որ Թուրքիան կը կորսնցնէ իր գրաւչութիւնը օտար ներդրողներու համար, միւս կողմէն, ատիկա կը վկայէ, որ տեղական ընկերութիւնները հետզհետէ աւելի կը հետաքրքրուի արտասահմանեան շուկայով։

Նշենք, որ 2008-ին այս ցուցանիշը կազմած է ընդամէնը 12․8 տոկոս, 2010-ին՝ 16․3 տոկոս, 2012-ին՝ 29․9 տոկոս, 2014-ին՝ 53․7 տոկոս, 2016-ին՝ 22․3 տոկոս։