Բրիտանացի Փրկարարները 1988-ի Աւերիչ Երկրաշարժէն 30 Տարի Անց Կրկին Այցելած են Սպիտակ. BBC-ի Նիւթը

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի մէջ 1988-ին տեղի ունեցած աւերիչ երկրաշարժէն 30 տարի անց՝ բրիտանացի փրկարարները կրկին այցելած են Սպիտակ՝ հասկնալու համար, թէ ինչպէս վերականգնուած է աղէտի գօտին: Այս մասին, ըստ Atrmenpress.am-ի, BBC-ն նիւթ պատրաստած է:

Թոշակի անցած փրկարարները, 75-ամեայ Փոլ Պարնս եւ 69-ամեայ Ռէճի Պերի, որոնք Մեծ Բրիտանիոյ Լանքաշիրի փրկարարական խումբով 1988-ին մասնակցած են աղէտի գօտիի փրկարարական աշխատանքներուն, կը պատմեն իրենց յիշողութիւնները:

Կը նշուի, որ անոնք իրենց փրկարարական խումբի կազմով աղէտի գօտի ժամանած են երկրաշարժէն 5 օր ետք: Նիւթին մէջ կը ցուցադրուին պատկերներ երկրաշարժի աւերածութիւններէն եւ Սպիտակ քաղաքի ներկայ տեսքը:

Փոլ Պարնս եւ Ռէճի Պերի այցելած են վակոն-տնակի մէջ միայնակ ապրող Համլէթ Տիլպարեանին, որուն ընտանիքի բոլոր անդամները աւերիչ երկրաշարժի զոհ դարձած էին:

Նիւթին մէջ նաեւ կը ներկայացուի, որ Սպիտակի մէջ աւերիչ երկրաշարժին հետեւանքով զոհուած է 9732 մարդ, որ քաղաքի բնակչութեան կէսն էր: Կը ցուցադրուին նախկին դպրոցի շէնքի փլատակները:

Ռէճի Պերի եւ Փոլ Պարնս փրկարարական աշխատանքներուն մասնակցելէ բացի, նաեւ երկրաշարժէն փրկուածներու համար ժամանակաւոր կացարաններ կառուցած էին: