«Էրեբունի» Պատմահնագիտական Արգելոց-թանգարանը կը Նշէ Հիմնադրման 50-ամեակը

Այլեւայլ, Հայաստան

Երեւանի բնօրրանը ներկայացնող «Էրեբունի» արգելոց-թանգարանը այս տարի կը նշէ իր 50–ամեակը։

Armenpress.am-ի տեղեկութիւններով՝ 50 տարի առաջ, 1968 Հոկտեմբեր 19-ին իր  դռները բանալով հանրութեան առջեւ` «Էրեբունի» թանգարանը այցելուներուն ներկայացուց Երեւանը՝ իբրեւ աշխարհի հնագոյն մայրաքաղաք՝ հիմնադրուած 2800 տարի առաջ: «Էրեբունի» արգելոց-թանգարանի ստեղծումը, իբրեւ  նշանաւորում Երեւանի 2750-րդ տարեդարձի, անմոռանալի է իւրաքանչիւր հայու յիշողութեան մէջ: Արդէն 50 տարի ներկայանալով հայ եւ օտար քաղաքացիներուն` «Էրեբունի» հնաւայրն ու թանգարանը դարձած են Հայաստանի եւ մասնաւորապէս Երեւան քաղաքի այցեքարտը: Արգելոց-թանգարանը ստեղծուած է Երեւան քաղաքի վարչական սահմաններուն մէջ գտնուող 3 նշանաւոր հնաւայրերու` Արին բերդ, Կարմիր բլուր եւ Շէնգաւիթ, եւ այդ հնաւայրերէն յայտնաբերուած նիւթական մշակոյթի մնացորդներու եւ գտածոներու հիման վրայ: Անիկա կը հանդիսանայ հանրութեան համար այցելելու միակ հնագիտական արգելոց-թանգարանը Երեւան քաղաքի մէջ:

Գործունէութեան 50 տարուան ընթացքին իր եզակի արժէքներով, բազմաբնոյթ ծրագիրներով եւ ձեռնարկներով թանգարանը կ՝ընէ ամէն ինչ՝ ուրարտական հզօր ժառանգութիւնը ճանաչելի դարձնելու, պահպանելու եւ ապագայ սերունդներուն փոխանցելու համար:

Յոբելինական ձեռնարկը պիտի սկսի Էսթոնիոյ նկարիչներու միութեան նախագահ Արսէն Քլեանի կողմէ «Էրեբունի» թանգարանի 50-ամեակին նուիրուած Արգիշտի արքայի դիմաքանդակի հանդիսաւոր բացումով: Ձեռնարկին ծիրէն ներս, թանգարանի հիւրերուն ներկայութեամբ պիտի բացուի դեռ 2002-ին Էրեբունի-Երեւանի 2784-րդ տարեդարձին ժամանակ «Էրեբունի» թանգարանին ի պահ տրուած փակ սնտուկը, որուն բացումը նախատեսուած էր Երեւանի 2800-ամեակին: Դասական եւ ազգային երաժշտական կատարումներէն ետք՝ ձեռնարկը պիտի աւարտի «Էրեբունի» արգելոց-թանգարանի գործունէութեան մէջ ներդրում ունեցող անձերու «Էրեբունի-50» յուշամետալով եւ պատուոգրերով պարգեւատրելու հանդիսաւոր արարողութեամբ:

Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ 2018 Դեկտեմբեր 26-ին, ժամը`16:00-ին, «Էրեբունի» թանգարանին մէջ ( ք.Երեւան, Էրեբունի 38, հեռ. +374 10 43-26-61):