Բակօ Սահակեան Այցելած է Հայկավանի Մէջ Կառուցուող Մարզամշակութային Համալիրի Շինարարական Հրապարակ

Հայաստան
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Դեկտեմբեր 25-ին, այցելած է մայրաքաղաք Ստեփանակերտի Հայկավան թաղամասին մէջ կառուցուող մարզամշակութային համալիրի շինարարական հրապարակ եւ ծանօթացած այնտեղ իրականացուող աշխատանքներուն ընթացքին:

Այս մասին կը տեղեկացնեն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութենէն: