Եթէ Մենք Վատ Ըրած Ենք Թող Նոր Ուժերը Լաւ Ընեն, Ոչ Թէ Փակեն. Ֆիրտուս Զաքարեան

Հայաստան, Յօդուածներ – Զրոյցներ, Սփիւռք

Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի նախկին ղեկավար (2010-2018), ՀՀԿ խորհուրդի անդամ Ֆիրտուս Զաքարեանի  համոզմամբ՝ իշխանութիւնը սխալ քաղաքականութիւն կը վարէ՝ վերացնելով սփիւռքի նախարարութիւնը։ Ան համոզուած է, որ մօտ ապագային սփիւռքահայերու ճնշմամբ անիկա դարձեալ պիտի վերականգնուի։ Այս մասին կը յայտնէ «Հրապարակ»-ը։

Սփիւռքի նախարարութիւնը պիտի փակուի, ԱԳՆ-ն պիտի իրականացնէ այդ գործառոյթը, ինչպէ՞ս կը գնահատէք այս քայլը։

– Ես կը մնամ այն կարծիքին, որ առանձին կառոյց է պէտք, 7 միլիոնանոց հայկական Սփիւռքը ունի անոր կարիքը, եթէ հիմա այդ մէկը չենք ըներ, կը նշանակէ՝ չենք տեսներ Սփիւռքի դերակատարութիւնը մեր պետութեան հզօրութեան, զօրացման հարցով։ Սփիւռքի նախարարութիւնը անհրաժեշտ կառոյց է, եւ պէտք է անիկա մնայ, պահպանուի, զարգացուի, նոր նախագիծեր կեանքի կոչուին, այնպէս որ, համոզիչ չէ… հակառակ անոր, որ համոզելու խնդիր ալ չեն դներ, մէկ անգամէն կ’ըսեն՝ այս կառոյցը պէտք չէ, բայց կը կարծեմ, որ պէտք է մասնագէտներու փաստարկուած կարծիք ըլլայ, ամէն պարագայի, ես չեմ տեսած փաստարկուած որեւէ կարծիք, որ հիմնաւորէ լուծարումը։

Լուծարման կողմնակիցները կըսեն, որ անիկա դերակատարում չէ ունեցած, աւելին՝ ստեղծուած էր յատուկ Հրանոյշ Յակոբեանի համար։

– Անիկա նոյնն է, որ ես դատողութիւններ ընեմ գիւղատնտեսութեան նախարարութեան մասին։ Սփիւռքի նախարարութեան մասին կարծիքներ պէտք է լսել սփիւռքահայերէն, լաւ կ’ըլլար, որ պատահականութեան սկզբունքով վերցնէին Սփիւռքի հարիւր համայնքներէն գոնէ մէկական կառոյց, հեռաձայնէին եւ կարծիք հարցնէին, գոնէ կ’ըսէին, որ՝ տեսէք, հեռաձայնած ենք 100 երկրներու, օրինակ, 70 կառոյցներուն, անոնք կը յայտնեն, որ վատ  աշխատած են, եւ պէտք է փակել այդ կառոյցը։ Ինծի համար համոզիչ չէ այս գործունէութիւնը, եւ չկասկածէք, որ ասիկա յետագային իր բացասական հետքը կը ձգէ Սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւններուն վրայ։

Համեմատութիւն ունի՞ք՝ երբ  տարիներ առաջ չկար Սփիւռքի նախարարութիւն, ի՞նչ վիճակ ունէինք, եւ նախարարութիւնը ի՞նչ նշանակալի գործունէութիւն իրականացուցած է։

– Տարիներ առաջ, որ չէ եղած, Սփիւռքէն անընդհատ ձայներ եղած են, որ ոչ միայն հայրենիքի հետ պէտք է մշակութային կապեր ըլլան, այլ պէտք է ունենան նաեւ տնտեսական, քաղաքական, տարբեր բնոյթի կապեր։ Այսինքն, Սփիւռքի ձայնը լսելու արդիւնքով ստեղծուած է այդ նախարարութիւնը։ Հայաստան-Սփիւռք համաժողովներու ժամանակ մեր հայրենակիցները բազմիցս այդ հարցը բարձրացուցած են, եւ անիկա ստեղծուած է անոր համահունչ։ Եթէ համեմատենք անցեալի հետ, պէտք է ըսել, որ հայաստանաբնակներն ու սփիւռքահայերը ունէին նաեւ գաղափարական տարաձայնութիւն, բաւական է ըսել, որ խորհրդային տարիներուն մենք չէինք կրնար ցեղասպանութեան մասին խօսիլ՝ որպէս պետութեան քաղաքականութեան առանցքային ուղղութիւններէն մէկը, բայց այսօր ցեղասպանութեան հարցը համահայկական խնդիրներէն մէկն է, Ղարաբաղի հարցը՝ նոյնպէս։ Այսինքն՝ մենք այլեւս տարաձայնութիւն չունինք Սփիւռքի հետ, իսկ այս  միասնութիւնը ապահովելու համար հարկաւոր էր մէկ ընդհանուր մարմին, եւ Սփիւռքի նախարարութիւնը կը փորձէր անիկա ընել։

Կարծիք կայ, որ նախկին նախարար Հրանոյշ Յակոբեան միայն գիրքեր ու մետալներ բաշխելով կը զբաղէր, անիկա եղած է անոր հիմնական գործը։

– Սփիւռքի նախարարութեան հիմնական նպատակը, գործառոյթը եղած է սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան խնդիրը, մեր բոլոր նախաձեռնութիւնները բխած են այս գաղափարէն, եթէ ըրած ենք «Արի տուն» ծրագիրը, ցանկացած ենք, որ սփիւռքահայերը գան, հայրենիքը ճանչնան։ Եթէ ըրած ենք «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօն, ապա ուզած ենք, որ սփիւռքահայերը գան, իրենց գիտելիքները դրսեւորեն այստեղ։ Այսինքն՝ մենք նպաստած ենք, որ Սփիւռքի մէջ հայերը ապրին հայեցի կեանքով, եթէ մենք անիկա չընէինք…կամ եթէ ըրած ենք ու վատ ըրած ենք, թող նոր ուժերը լաւ ընեն։ Բայց ասիկա խնդիր մըն է, որ պէտք է շարունակական ըլլայ, Սփիւռքը չի կրնար երկարատեւ գոյութիւն ունենալ, անիկա այսպըրկի նման անընդհատ կը հալի,  ծրագիրները, որոնք մենք իրականացուցած ենք, նպաստած են, որ սառոյցը չհալի կամ քիչ հալի։ Կատարուած է հսկայական աշխատանք, որոնց մասին եթէ ըսեմ, ինքնագովութիւն կը դիտուի, կամ կ’ըսեն՝ գործազուրկ է, ՀՀԿ-ական է, անոր համար կ’ըսէ, այդ պատճառով կ’ըսեմ՝ թող դիմեն Սփիւռքի կառոյցներուն, իրենք ըսեն։

Իսկ ԱԳՆ-ն չի՞ կրնար այդ գործառոյթը իրականացնել։

– Երբեմն բաներ կան, արտակարգ իրավիճակներ, որ մէկ բաժինը չի կրնար այնպէս ընել, ինչ նախարարութիւնը։ Օրինակ, երբ սուրիահայերը եկան Հայաստան, այնպիսի խնդիրներ առաջադրեցին, որ մէկ բաժինը երբեք այդ հարցերը չէր կրնար լուծել։ Եւ քանի որ կառոյցը ունէր ղեկավար-նախարար, որ անմիջականօրէն կրնար կառավարութեան, երկրի նախագահի առջեւ խնդիրները բարձրաձայնել, կրցանք այդ խնդիրները ժամանակին, արագ լուծել ու այսօր ալ ըսել, որ 17-20 հազար սուրիահայեր ընդելուզուեցան ներհայաստանեան կեանքին։

Հիմա եթէ սփիւռքեան կառոյցները կը լռեն, կրնա՞ք ըսել, որ համաձայն են նախարարութեան կազմալուծման։

– Իսկ ո՞վ ըսաւ, որ կը լռեն, ես լսած եմ Դաշնակցութեան յայտարարութիւնը, ռամկավարներու արձագանգը, ՀՕՄ-ին հարցուցէք, բազմաթիւ կառոյցներ կան, հարցուցէք, եւ անհնար է, որ չըսեն։

Սփիւռքահայերէն մենք գլխաւորաբար լսած ենք, որ իշխանութիւնները իրենց վերաբերած են իբրեւ «կթու կովի»։

– Ես դարձեալ կ’ըսեմ՝ հեռաձայնեցէք Սփիւռքի կառոյցներուն, իրենց հարցուցէք, ես կը պնդեմ, որ կարելի չէ ոչնչացնել այդ կառոյցը, մենք շատ մեծ վրիպում թոյլ կու տանք, եւ չկասկածիք, որ որոշ ժամանակ ետք սփիւռքահայերը կը բարձրաձայնեն, ու դարձեալ նախարարութիւն կը ստեղծենք, եթէ այսօր փակենք։