ՀՀ Կառավարութիւնը Պիտի Կրճատէ ԶՈւ Քանի մը Հազար Սպայի եւ Ենթասպայի Վերցուցած Վարկերուն Տոկոսադրոյքները

Հայաստան

Յառաջիկայ որոշումներով՝ ՀՀ կառավարութիւնը պիտի վերակառուցէ Զու քանի մը հազար սպայի եւ ենթասպայի նախապէս վերցուցած վարկերը: Այս մասին, դիմատետրի իր էջին արձանագրած է ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան:

«Որոշման իմաստը այդ վարկերուն տոկոսադրոյքը մինչեւ կէս չափով կրճատելն է եւ սպասարկման ժամկէտը երկարացնելը:

Իբրեւ արդիւնք, ըսենք, եթէ ԶՈւ ծառայողը ամէն ամիս վարկի սպասարկման (մարման) համար կը վճարէ 50 հազար դրամ, նախատեսուող փոփոխութիւններէն ետք այդ նոյն, բայց վերակառուցուած վարկին համար պիտի սկսի վճարել ըսենք՝ 25 հազար դրամ: Մինչեւ կէս չափով քիչ:

Յառաջիկային կայացուելիք այլ որոշումներով՝ կառավարութիւնը պիտի անդրադառնայ նաեւ նախկին զինուորականներուն բնակարաններ ձեռքբերելուն աջակցելու հարցին:

Ասիկա, ի հարկէ, ամբողջական լուծում չի դառնար, բայց հարցը մեռեալ կէտէն կը շարժի: Յառաջիկային կարեւոր որոշումներ պիտի կայացնենք նաեւ գործող զինուորականներու բնակարաններու ձեռքբերման թեմայով».- գրած է ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատարը: