«Հայաստանի Մանուկներ» Բարեգործական Հիմնադրամի Կալայ Երեկոյին Հանգանակուած է 4,1 Միլիոն Տոլար

Սփիւռք

 «Հայաստանի մանուկներ» բարեգործական հիմնադրամի (ՔՈԱՖ) 15-րդ հանդիսաւոր երեկոյի ընթացքին, որու նպատակն է  Հայաստանի գիւղական համայնքներու մէջ իրականացուելիք կրթական, առողջապահական, ընկերային եւ տնտեսական նորարարական ծրագիրներու համար դրամահաւաք իրականացնելը,  հանգանակուեցաւ 4,1 միլիոն տոլար: Անիկա պիտի ծառայէ ՍՈԱՖ ՍՄԱՐԹ աւանի համալրման եւ հասանելի պիտի ըլլայ Լոռիի մարզի շուրջ 150 հազար բնակիչի:

«Տպաւորիչ երեկոյ էր, ու մենք անսահման ոգեւորուած ենք Սփիւռքի ու մեր համաշխարհային ընտանիքի աջակցութեամբ, մարդոց, որոնք 15 տարի շարունակ խորապէս հաւատացած ու նուիրաբերած են ՍՈԱՖ-ի առաքելութեան: Ատիկա հնարաւորութիւն կու տայ ընդլայնելու մեր գործունէութիւնը` ծառայելով արդէն 100 համայնքներու 150,000 բնակիչի: Աւելին, այս ապրիլին տեղի ունեցած խաղաղ յեղափոխութիւնը աւելի ցայտուն կ՛ընդգծէ ՍՈԱՖ-ի հիմնարար արժէքները` ժողովրդավարութիւն եւ ազատութիւն սերմանելով, որ քաղաքացին ինքը սահմանէ իր ապագան»,-«Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` իր ելոյթին մէջ ըսած է ՍՈԱՖ-ի հիմնադիր եւ գործադիր տնօրէն դոկտոր Կարօ Արմէն:

Երեկոյի կարեւոր մէկ մասը կենդանի աճուրդն էր` հանդիսաւոր-երեկոյի պատուաւոր նախագահ, հռչակաւոր արուեստագէտ Թոնի Շաֆրազիի գլխաւորութեամբ:

Երեկոն այս տարի եւս կը վարէր ՍՈԱՖ-ի դեսպան, ճանչցուած դերասանուհի, էմմի եւ Թօնի մրցանակներու դափնեկիր Անտրէա Մարթին: ՍՈԱՖ ՍՄԱՐԹ կեդրոնի արուեստի սրահը անոր անունը կը կրէ:

Հռչակաւոր հիւրերէն էր Էմմի մրցանակի յաւակնորդ Վիքթոր Կարպեր: Ան ՍՈԱՖ-ի մրցանակակիր է, քանի մը անգամ մասնակցած է Հիմնադրամի դրամահաւաք-երեկոներուն, եւ ան էր, որ պատիւ ունեցաւ յարգանքի տուրք մատուցելու ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շառլ Ազնաւուրին:

ՍՈԱՖ-ի մարդասիրական մրցանակ շնորհուեցաւ «Քարնեկի» հիմնադրամի նախագահ Վարդան Գրեգորեանին եւ անոր լուսահոգի տիկնոջը` Քլեր Գրեգորեանին, որ ՍՈԱՖ-ի հիմնադիր խորհուրդի կազմէն էր: Հայաստանի համալսարաններու 9 ուսանողներ ՍՈԱՖ-ի կողմէ արժանացած էին Քլեր Գրեգորեանի անուանական կրթաթոշակի:

Հանդիսաւոր երեկոյի մասնակիցները ունկնդրեցին Արմաւիրի մարզի Հացիկ գիւղի ուսանողուհի Մարինա Միրզոյեանի ներշնչող ելոյթը: Մարինան այժմ փոխանակման ծրագիրով ԱՄՆ-ի Քոլորատօ նահանգին մէջ է․ անգլերէնի գիտելիքներ ձեռք բերած է ՍՈԱՖ-ի ծրագիրներու շնորհիւ, որ իրականացուած է իրենց դպրոցին մէջ: Անոր խօսքը կը վերաբերէր ինքնավստահութեան, ձախողման վախերը յաղթահարելուն եւ իր կեանքին մէջ ՍՈԱՖ-ի ազդեցութեան:

Եերեկոյի մշակութային մասին մէջ հանդէս եկան Հայաստանէն մեկնած դաշնակահար Արմէն Պուչինեան եւ սաքսոֆոնահար Արմէն Դաղենցը, որոնք կատարեցին դասական եւ հանրաճանաչ ստեղծագործութիւններ: