Զանգուածային Կրճատումը Յանցագործութիւն է. Լուծարուող Նախարարութիւններու Աշխատակիցները Նիկոլ Փաշինեանի Հետ Հանդիպում կը Պահանջեն

Հայաստան

ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան աշխատակիցները, իրենց բաց նամակը փոխանցեցին Կառավարութեան նամակներու եւ դիմումներու բաժնի պետին` պահանջելով, որ վարչապետին  ըսեն, որ Երկուշաբթի կը ցանական հանդիպիլ անոր հետ` դիմումի պատասխանը  ստանալու ակնկալիքով: Այս մասին կը հաղորդէ Tert.am-ը։

Աշխատակիցները նշեցին, որ պատրաստ են անգամ տօնական օրերուն նստացոյց իրականացնել, քանի որ ժամանակ չունին։

Սփիւռքի նախարարութեան ներկայացուցիչ Լեւոն Անտոնեան լրագրողներու հետ զրոյցին ընդգծեց, որ անթուլատրելի է, որ 7-8 միլիոն Սփիւռք ունեցող պետութիւնը լուծարէ համապատասխան նախարարութիւնը:

Ան ընդգծեց, որ նախարարութեան մէջ նոր թափով պիտի մշակուին հայրենադարձութեան ծրագրեր, որոնք փաստացի կեանքի կոչել այլեւս չեն կրնար:

«Մեր նախարարի դիրքորոշումը եղած է նախարարութիւնը պահելը, իր ձեռքերը ծալած չեն, պիտի փորձէ իր քայլերը կատարել: Մենք փաստացի ունինք 10 վարչութիւններ, բաժիններ, վարչութեան պետեր, աշխատակիցներ. Այնպէս կը ստացուի, Սփիւքէն այստեղ բերելու փոխարէն արտագաղթիշարժը կ’աւելցնէ,- շեշտեց ան։

Յիշեցնենք, որ Կառավարութեան կառուցուածքի վերաձեւաւորման իբրեւ արդիւնք՝ ՀՀ նախարարութիւններու թիւը 17-էն կը հասնի 12-ի:

Փոփոխութիւններուն համաձայն` պիտի լուծարուին Սփիւռքի նախարարութիւնը, փոխադրամիջոցներու, կապի ու տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու նախարարութիւնը պիտի դառնայ կապի ու բարձր արհեստագիտութիւններու նախարարութիւն: Տնտեսական զարգացման ու ներդրումներու եւ գիւղատնտեսութեան նախարարութիւնները պիտի միաւորուին: Աշխատանքի ու հասարակական հարցերու նախարարութիւնը պիտի միանայ տարածքային կառավարման ու զարգացման նախարարութեան: Մշակոյթի, մարմնակրթութեան ու երիտասարդութեան նախարարութիւնները պիտի միաւորուին կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան: