Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Նորանշանակ Դեսպանը

Հայաստան, Սփիւռք

Երեքշաբթի, 20 Դեկտեմբեր 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Անթիլիասի Մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ դեսպան Պրն. Վահագն Աթաբեկեանը։

 

Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպումի ընթացքին ընդհանուր ծանօթացումէ ետք, Վեհափառ Հայրապետը կարգ մը հիմնական տեղեկութիւններ փոխանցեց պարոն դեսպանին՝ յատկապէս Լիբանանի ներքին քաղաքական կեանքին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գործունէութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստան­­-Սփիւռք գործակցութեան մասին՝ մասնաւորաբար ներկայ իրավիճակներու լոյսին տակ։ Նորին Սրբութիւնը վստահեցուց, որ Կաթողիկոսութիւնը պիտի շարունակէ իր բոլոր գաղութներէն ներս զօրակցիլ դեսպանատան աշխատանքներուն։

 

Պարոն դեսպան իր կարգին տեղեակ պահեց Վեհափառ Հայրապետը դեսպանատան յառաջիկայ գործունէութեան մասին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն փոխանցուած տեղեկութիւններուն եւ իր անձին նկատմամբ ցուցաբերուած վստահութեան եւ զօրակցութեան համար։