Աննա Յակոբեան Թիւ 1 Տուն-Ծերանոցի Տարէցներուն Հետ Տօնած է Ամանորն ու Սուրբ Ծնունդը

Այլեւայլ, Հայաստան

ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատարի տիկին Աննա Յակոբեան այցելած է թիւ 1 տուն-ծերանոց՝ շնորհաւորելու այնտեղ բնակող տարէցներուն Նոր Տարին ու Սուրբ Ծնունդը: Ըստ Armenpress.am-ի՝ Աննա Յակոբեան նշած է, որ տուն-ծերանոցի ընտրութիւնը եղած է պատահականութեան սկզբունքով։ «Եթե կարենայի բոլորին այցելել, շատ լաւ պիտի ըլլար: Ամանորն ու Սուրբ Ծնունդը տարուան այն ժամանակահատուածն է, երբ պէտք է մեր շուրջը նայինք եւ մեր ուշադրութեան կարիքն ունեցողներուն փորձենք ուրախացնել, որպէսզի տարին ուրախ աւարտի»,- ըսած է ան:

Աննա Յակոբեանի խօսքով՝ իրենք տուն-ծերանոցի բնակիչներուն տարած են տեղական արտադրութեան նուէրներ: «Տեղական արտադրողները արձագանգած են մեր առաջարկին: Նուէրները տատիկ-պապիկներուն յարմար նախատեսուած հագուստ է՝ գուլպաներ, ժաքէթներ, եւ այլն»,- նկատած է ան:

Աննա Յակոբեան սեղանի մը շուրջ շփուած է տարէցներուն հետ, պատասխանած անոնց հետաքրքրող հարցերուն: Տուն-ծերանոցի բնակիչները վարչապետի պաշտօնակատարի տիկնոջ հետ երգ ու պարով նշած են ուրախ օրը:

Աշխատանքի եւ հասարակական հարցերու նախարարի տեղակալ Զարուհի Պաթոյեան, իր հերթին, տարէցներուն մաղթած է առողջութիւն, որ անոնք ապրին արժանապատիւ ծերութիւն եւ ունենան բոլոր այն ծառայութիւնները, որոնց կարիքը իրենք ունին այս կեանքը ապրելու համար: «Ես կը մաղթեմ, որ դուք ապրիք այնպիսի մթնոլորտի մէջ, ուր միշտ ջերմութիւն ըլլայ: Մեր յառաջիկայ ծրագիրները ուղղուած պիտի ըլլան յատկապէս այն ծառայութիւններու ստեղծման, որպէսզի մարդիկ կարենան ապրիլ իրենց համայնքին մէջ եւ կապը պահպանեն ընտանիքի հետ»,- նշած է ան: