Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրման 100-ամեակին Նուիրուած Դասական Երաժշտութեան Երեկոյ Յունաստանի Մէջ

Սփիւռք

Հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ՝ ­Յու­նաս­տա­նի մշա­կոյ­թի եւ մարմ­նա­մար­զու­թեան նա­խա­րար տիկ. Միր­սի­նի ­Զո­պիա­յի, եւ կազ­մա­կեր­պու­թեամբ՝ ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մի Ազ­գա­յին Վար­չու­թեան, Եր­կու­շաբ­թի՝ 3 ­Դեկ­տեմ­բեր 2018-ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 8։30-ին, ­Գո­քի­նիոյ «Ս. Յա­կոբ» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Ա­թէն­քի պե­տա­կան սեմ­ֆո­նիք նո­ւա­գա­խում­բի ե­լոյ­թը, Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հիմ­նադ­րու­թեան 100ա­մեա­կին նո­ւի­րո­ւած եւ որ­պէս այս տա­րո­ւան եզ­րա­փա­կիչ պաշ­տօ­նա­կան հան­դի­սու­թիւ­նը։

Ձեռ­նար­կին նա­խա­գա­հեց ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մա­կալ ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեան։ Ըն­դա­ռա­ջե­լով՝ յղո­ւած հրա­ւէր­նե­րուն, ե­լոյ­թին ներ­կայ գտնո­ւե­ցան Հ.Հ. դես­պան պրն. ­Ֆա­թէյ Ջար­չօղ­լեան, Ա­թէն­քի եւ հա­մայն ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րո­նի­մոս Ար­քե­պիս­կո­պո­սի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը՝ Տի­միթ­րիոս ­Վար­դա­պետ, յոյն ե­կե­ղեց­ւոյ ­Սի­նո­տի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Իղ­նա­թիոս Ծ. ­Վար­դա­պետ, Ատ­տի­կէի հայ հո­գե­ւոր հո­վիւ­նե­րը, ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ Ազգ. ­Կեդր. ­Վար­չու­թեան ան­դամ տոքթ. Ար­մէն ­Տէ­րեան, ՀՅԴ Կեդրոնական ­Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ պրն. ­Սեր­գօ ­Գու­յում­ճեան, միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, թե­մա­կան պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ժո­ղո­վի ե­րես­փո­խան­ներ, Թա­ղա­յին ­Խոր­հուրդ­նե­րու եւ ­Տիկ­նանց ­Մար­մին­նե­րու ան­դամ­ներ եւ ան­նա­խըն­թաց մեծ թի­ւով ժո­ղո­վուրդ։

Բաց­ման խօս­քով հան­դէս ե­կաւ Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ան­դամ տիկ. Ա­րաք­սի Ա­բէ­լեան։ Ան յա­նուն Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան բա­րի գա­լուստ մաղ­թեց ներ­կա­նե­րուն եւ յայտ­նեց օ­րո­ւան ե­լոյ­թին ա­ռիթն ու նպա­տա­կը։ ­Տիկ. Ա­բէ­լեան խօս­քի ա­ւար­տին յա­տուկ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց մշա­կոյ­թի նա­խա­րար տիկ. ­Զո­պիա­յին, որ ըն­դա­ռա­ջե­լով Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան փա­փա­քին՝ միաս­նա­բար կազ­մա­կեր­պե­ցին ե­լոյ­թի ծրա­գի­րը եւ նա­խա­րա­րու­թիւ­նը ստանձ­նեց նաեւ ձեռ­նար­կին հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը։

Ա­պա՝ Ա­թէն­քի պե­տա­կան սեմ­ֆո­նիք նո­ւա­գա­խում­բը (16 հո­գի­նոց), ղե­կա­վա­րու­թեամբ՝ մաէսթ­րօ պրն. ­Նի­քոս ­Խա­լիա­սա­սի եւ մե­նա­կա­տա­րու­թեամբ յօ­րի­նող ու թաւ­ջու­թա­կա­հար պրն. ­Տի­միթ­րիս ­Ղու­զիո­սի, ներ­կա­յա­ցուց մէկ ժամ տե­ւո­ղու­թեամբ բիւ­զան­դա­կան ու հայ­կա­կան դա­սա­կան ե­րաժշ­տու­թիւն։ Ե­լոյ­թին իւ­րա­յա­տուկ փայլք ու ջեր­մու­թիւն տո­ւաւ նաեւ ­Սե­լա­նի­կէն յատ­կա­պէս հրա­ւի­րո­ւած օ­փե­րա­յի երգ­չու­հի՝ ­Սոփ­րա­նօ տիկ. ­Սի­րա­նուշ ­Չա­լի­քեան, որ Յու­նաս­տա­նի մէջ ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով մե­նա­կա­տա­րու­թեամբ մեկ­նա­բա­նեց Առ­նօ Պա­պա­ճա­նեա­նի Vocalisը, զոր հայ­րե­նի ե­րա­ժիշ­տը յօ­րի­նած է սոփ­րա­նո­յի հա­մար՝ նո­ւա­գակ­ցու­թեամբ լա­րա­յին փոք­րա­թիւ նո­ւա­գա­խում­բի։

Ձեռ­նար­կի ա­ւար­տին հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մի ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ Արք. Խա­չե­րեան՝ իր խօս­քը ուղ­ղե­լու։ Ան ա­ռա­ջին հեր­թին շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րին՝ Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ա­ռա­ջար­կին ըն­դա­ռաջ­ման ու սերտ գոր­ծակ­ցու­թեան հա­մար։ Սր­բա­զան ­Հայ­րը ա­պա գնա­հա­տեց պե­տա­կան սեմ­ֆո­նիք նո­ւա­գա­խում­բին ղե­կա­վա­րը, ան­դամ­նե­րը, մե­նա­կա­տար թաւ­ջու­թա­կա­հարն ու երգ­չու­հին՝ մաղ­թե­լով ա­նոնց նո­րա­նոր յա­ջո­ղու­թիւն։ Ան բարձր գնա­հա­տեց յոյն պե­տու­թեան ու ժո­ղո­վուր­դին, եր­կար տաս­նա­մեակ­ներ հայ ժո­ղո­վուր­դին ու ­Հա­յաս­տա­նին հան­դէպ ցու­ցա­բե­րած ի­րենց բա­րի տրա­մադ­րու­թեան, ա­ջակ­ցու­թեան ու գոր­ծակ­ցու­թեան ո­գիին հա­մար։ Սր­բա­զան ­Հայ­րը այս առ­թիւ մէջ­բե­րեց յոյն ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան մէջ նշա­նա­ւոր վար­չա­պետ Է­լեֆ­թէ­րիոս Վէ­նի­զե­լո­սի կա­րե­ւոր խօս­քը, զոր ան ը­սած էր ­Հա­մաշ­խար­հա­յին Ա­ռա­ջին ­Պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին.¬ «­Յու­նաս­տա­նի մէջ ապ­րող հա­յե­րը խնա­յե­ցէք, մի ղրկէք պա­տե­րազ­մի դաշտ, ո­րով­հե­տեւ ա­նոնք հե­տա­գա­յին պէտք պի­տի ըլ­լան ­Հա­յաս­տա­նի հա­մար»։

Ե­րաժշ­տա­կան ե­լոյ­թը մեծ յա­ջո­ղու­թիւն ար­ձա­նագ­րեց։ ­Յու­նա­հայ կեան­քէն ներս հա­զո­ւա­դէպ այդ ձեռ­նար­կը մե­ծա­թիւ ներ­կայ բազ­մու­թեան լա­ւա­գոյնս տպա­ւո­րեց ու գո­հու­նա­կու­թիւն պատ­ճա­ռեց։
Ա­ւար­տին, Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թիւ­նը ե­կե­ղեց­ւոյ սրա­հին մէջ յա­տուկ հիւ­րա­սի­րու­թիւն մը կազ­մա­կեր­պեց նո­ւա­գա­խում­բի ան­դամ­նե­րուն ի պա­տիւ։

Թղ­թա­կից «Ազատ օր»-ի

Յունաստան