Թուրք-սուրիական Սահմանին Վրայ Թուրքիան Նոր Պատնէշներ Կառուցած է

Աշխարհ

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի Եփրատի արեւելքը ռազմական գործողութիւններ ձեռնարկելու մասին յայտարարութենէն ետք՝ թուրք-սուրիական սահմանին վրայ աշխուժութիւն կը նկատուի։

Ըստ Ermenihaber.am-ի՝ Թուրքիոյ Մարտին նահանգի Նուսայպին շրջանին մէջ, «Ժողովրդական ինքնապաշտպանական ջոկատներ»-ու (ԺԻՋ-YPG) եւ «Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան» (ՔԲԿ-PKK) կողմէ վերահսկուող Սուրիոյ Գամիշլի շրջանին սահմանակից հատուածներուն վրայ, թրքական կողմը հողաթմբային պատնէշներ կառուցած է։

Անոնք ունին 2 մեթր բարձրութիւն եւ կը գտնուին թուրք-սուրիական սահմանէն 500 մեթր հեռաւորութեան վրայ։

Էրտողանի ըրած յայտարարութեան մէջ նշուած էր.

Թուրքիան սահմանամերձ հատուածներու վրայ կը շարունակէ միջոցներ ձեռնարկել իր բնորոշումով ահաբեկիչներու մուտքը կանխելու եւ խիստ սահմանային վերահսկողութիւն իրականացնելու ուղղութեամբ։ Էրտողան նշած էր, որ քանի մը օրէն պիտի սկսին ռազմագործողութիւններ՝ Եփրատի արեւելքը ազատագրելու պառակտիչ ահաբեկչական ուժերէն: