Ընտրութիւններէն Վերջ…

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Գանձասար»-ի խմբագրական

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի արտակարգ ընտրութիւնները յաջողեցան շրջել ազգային ժողովի պատկերը, մերժումի յստակ ուղերձ մը յղել մենաշնորհեալներուն՝ զերծ պահելով ընտրական գործընթացը ժողովուրդի կարիքաւոր խաւը օգտագործման առարկայ դարձնող անհեռանկար ու շահամոլ ուժերու ազդեցութենէն, կարելիութիւն ընծայելով ժողովուրդին, որ իր համակրած ու վստահած ուժին կամ անձին ի նպաստ քուէարկելու անկաշկանդ առիթը օգտագործէ վերջապէս:

Ընտրութիւններուն, սակայն, մասնակցեցաւ ժողովուրդին 48,63 առ հարիւրը: Սա կը նշանակէ, որ հայրենի ժողովուրդին մօտ տակաւին առկայ է ապագային հանդէպ անորոշութիւնը: Այդ ապագան ուրուագծող յստակ ծրագիր ու գործելաոճ ունեցող, բիրտ ուժը զանց առնող ու երկիրը դէպի բարգաւաճում առաջնորդող քաղաքական ուժի մը հանդէպ բացարձակ վստահութիւնը տակաւին երկար ճամբայ ունի կտրելու, ինչ որ քաղաքական կեանքի բոլոր մասնակիցներէն յաւելեալ ջանք պիտի պահանջէ՝ ազգային համերաշխութիւնը վերականգնելու եւ քայլ մը առաջ անցնելով, մենաշնորհեալները մերժելու քարոզչութենէն երկրի վերակառուցման ու քաղաքական բազմերանգ դաշտի բիւրեղացման աշխատանքին լծուելու:

Ընտրութիւններուն հետեւանքով Ազգային ժողով անցնող ուժերը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն արդարացնելու ժողովուրդին վստահութիւնը, գործնական քայլերով ցոյց տալու անոր, որ հետամուտ են ժողովուրդի ընկերային եւ տնտեսական շահերու պաշտպանութեան, երկրի անվտանգութիւնը երաշխաւորող, անոր ազգային շահերը պահպանող արտաքին ու ներքին քաղաքականութեան որդեգրումին:

Ազգային ժողովին մաս կազմող ուժերու ընդհանուր պատկերին մէջ, սակայն, գաղափարներու, ծրագիրներու, աշխարհահայեացքի խորքային տաբերութիւն չի նկատուիր առայժմ: Ժողովրդավարութիւն հռչակող իւրաքանչիւր երկիրի համար, ընդդիմութեան կամ գաղափարական ու ծրագրային տաբերութեամբ հանդէս եկող ուժերու բացակայութիւնը այլ սահմանափակումներ կրնայ յառաջացնել քաղաքական դաշտի առողջ զարգացման ճամբուն վրայ:

Իրապաշտ ըլլալու համար, սակայն, պահ մը հարց տանք նաեւ, թէ նախորդ տարիներուն, ընդդիմութիւնը մեր երկրէն ներս որքանո՞վ կաշկանդուած ու շահագործուած էր մենատիրական իշխանութեան կողմէ, որքանո՞վ յաջողած էր կացութիւն փոխել, որքանո՞վ այդ փոփոխութեան կարելիութիւններուն ու լծակներուն տիրապետած էր, որքանո՞վ կրցած էր կեանքի կոչել իր ծրագիրները ու արդիւնքով առաւել եւս հզօրանալ… Այս բոլորը վերատեսութեան ենթարկելու մարտավարութեամբ պէտք է գործեն ընդդիմադիր ուժերը յառաջիկային, հաւատարիմ՝ իրենց գաղափարին ու ծրագիրին, անկախ թէ խորհրդարանէն նե՞րս կը գործեն, թէ՝ դուրս:

Հասարակութեան մէջ արդարութեան բացակայութեան ու ազգային հարստութեան անհաւասար բաշխումին պարագային կարելի չէ յուսալ անվտանգութեան ու ազգային հարցերու համապարփակ լուծում, որովհետեւ իրենց իսկ պաշտօնն ու դիրքը շահագործող ցեցեր առիթ պիտի չընծայեն որ երկիրը բարգաւաճի, աղքատութեան համեմատութիւնը նուազի ու քաղաքացին զերծ մնայ գաղթի տարբերակը ընտրելէ: Աւելին. սահմանին հսկող հայ զինուորին զոհողութիւնը պիտի չարժեւորուի, այնքան ատեն որ փտածութիւնը բոյն դրած է իշխող համակարգին մէջ: Սա էր հաւանաբար ժողովուրդին էական պահանջը, ու այս իսկ պատճառով ալ գաղափարական, աշխարհահայեացքային մօտեցումները երկրորդ աստիճանի վրայ կը մնային անոր համար: Այս տրամաբանութեամբ, թերեւս, անոր նկատառելի մէկ համեմատութիւնը ուղղուեցաւ ընտրութիւններու՝ երկրորդական համարելով քաղաքական տուեալ ուժին գաղափարը, քաղաքական թէ տնտեսական ծրագիրը:
Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները, երիտասարդ ու նորարար տարրերով օժտուած, ունին կարելիութիւններն ու լծակները՝ արդարութիւնը վերականգնելու, երկիրը զարգացնելու, ազգային համերաշխութեան մթնոլորտի ներքեւ, քաղաքական բազմերանգ դաշտի զարգացման երաշխաւորումով:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան համար առանձին պայքարի նոր փուլ մը կը սկսի: Պայքար՝ խորհրդարանէն դուրս ամէն ջանք ի գործ դնելով անկատար իր տենչերը անկաշկանդօրէն կեանքի կոչելու, հանրութեան ներկայանալու նոր գործելաոճով, նոր դէմքերով ու երկրի քաղաքական մշակոյթը զերծ պահելու դէպի միահեծան իշխանութիւն առաջնորդող որեւէ դրսեւորումէ: