Արցախցի Մարզիկը Եւրոպայի Առաջնութեան Գրաւած է Առաջին Մրցանակային Տեղը

Այլեւայլ, Հայաստան

Դեկտեմբեր 5-9 Սլովենիոյ Փորթոռոզ քաղաքին մէջ իրականացուած ֆուդոկան քարաթէի Եւրոպայի 24-րդ առաջնութեան՝ արցախցի մարզիկ Միխայիլ Մխիթարեան գրաւած է առաջին մրցանակային տեղը:

Այս մասին կը հաղորդէ Արցախի մարմնակրթութեան վարչութիւնը՝ մանրամասնելով, որ մարզիչ Աշոտ Մխիթարեանի գլխաւորութեամբ արցախցի մարզիկը մրցանակային տեղը գրաւած է 19-21 տարեկաններու տարիքային խումբին մէջ:

Ըստ աղբիւրին՝ առաջնութեան կը մասնակցէին 700-էն աւելի մարզիկներ:

Լուսանկարները՝ արցախի մարմնակրթութեան վարչութեան