«2018-ը. Աթէնք՝ Գիրքի Մայրաքաղաք» Ձեռնարկներու Ծիրէն Ներս՝ Հայ Գիրքի Նուիրուած Ցուցադրութիւն Յունաստանի Մէջ

Սփիւռք

UNESCO-ի կողմէ հռչակուած «2018ը. Աթէնք՝ Գիրքի միջազգային մայրաքաղաք» ձեռնարկներուն ծիրէն ներս, Յունաստանի Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Շրջանային Վարչութիւնը, համագործակցութեամբ Աթէնքի քաղաքապետութեան եւ «Փուշկին» հիմնարկի՝ գիրքերու եւ նկարներու ցուցադրութիւն կը կազմակերպէ Ուրբաթ՝ 14, Շաբաթ՝ 15 եւ Կիրակի՝ 16 Դեկտեմբեր 2018-ին, Աթէնքի «Մելինա Մերքուրի» մշակութային պատմական կեդրոնի սրահին մէջ (մեթրօ-ի «Քերամիքոս» կայան, Կազիի դիմաց)։

Ցուցադրութեան բացումը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ՝ 14 Դեկտեմբեր 2018-ի ժամը 18։00-ին։

Ձեռնարկին պիտի նախագահէ ընկ. Յուլիանա Մանուկեան, Հայ գիրի ու գիրքի մասին պիտի խօսի ընկ. Մարի Միքայէլեան։

Ցուցադրութեան ներկայացուած պիտի ըլլայ հայերէն եւ օտարալեզու գիրքերու ճոխ հաւաքածու՝ առիթ տալով այցելուներուն ճանչնալու հայ գիրքն ու գրականութիւնը ու ոգեշնչուելու հայ գիրքի աշխարհէն։

Նոյն ցուցահանդէսին առիթով՝ «Համազգային»-ը պիտի ներկայացնէ Յակոբ Ճէլալեանի հին փորագրանկարներու հաւաքածուէն (կռավիւրներ) 60 կտորներ, ընդհանուր բնաբան ունենալով՝ «1918 Մայիս 28. Անցագիր դէպի Հանրապետութիւն» (28 Μαίου 1918. Διαβατήριο για την Δημοκρατία), նուիրուած՝ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին։

Փորագրանկարները կը բովանդակեն 400 տարուան պատմութիւն՝ 16րդ-20րդ դար։

Յիշեցնենք, որ UNESCO-ի «Գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաք» միջազգային ծրագիրը հիմնադրուած է 1996-ին եւ իւրաքանչիւր տարի կ’ընտրուի տարբեր քաղաք մը, իբրեւ գիրքերու եւ ընթերցանութեան խրախուսման մայրաքաղաք։

Ցուցադրութեան ժամեր՝ առաւօտեան ժամը 10-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 8 (Կիրակի օր՝ ժամը 10-14։00)։

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Յունաստան