Մոսկուայի Մէջ Պիտի Զետեղուի Շառլ Ազնաւուրի Յուշարձանը
Մոսկուայի մէջ կը քննարկուի աշխարհահռչակ երգիչ Շառլ Ազնաւուրի յուշարձանի տեղադրման վայրը:
Կը քննարկուի երկու տարբերակ: Քաղաքի իշխանութիւնները դեռ հարցախոյզ կ՛իրականացնեն բնակչութեան մէջ, թէ ուր աւելի լաւ պիտի ըլլայ տեղադրել Ազնաւուրի յուշարձանը` Կոսմոդամեան շրջանին, թէ Զարեադէ պուրակին մէջ: Շառլ Ազնաւուրի երաժշտական ստեղծագործութիւնները, հնարաւոր է, շուտով հնչեն Մոսկուայի երաժշտութեան միջազգային տան մէջ, եթէ երգչի յուշարձանը տեղադրուի հաստատութեան բակին մէջ:
Ըստ «Փանորամա»-ի՝ Ռուսիոյ մէջ Ջաւախքի սփիւռքի նախագահ Աղասի Արաբեան պատմած է, որ Մոսկուայի քաղաքային խորհուրդը հաւանութիւն տուած է յուշարձանը մայրաքաղաքի կեդրոնը զետեղելու գաղափարին: Սակայն յուշարձանի վերջնական նախագիծը հաստատելու համար անհրաժեշտ է՝ վերջնական որոշում կայացուի, թէ ուր պէտք է անիկա տեղադրուի: Յուշարձանը պիտի պատրաստուի պրոնզէ, հայ համայնքի միջոցներով:
«Ազնաւուրը ողջ մանկութիւնը անցուցած է ռուսական միջավայրի մէջ, անոր ծնողները խօսած են ռուսերէն, եւ ան շատ կը սիրէր այցելել Մոսկուա: Այդ յուշարձանը պիտի դառնայ ձգողութեան վայր եւ ռուս-ֆրանսական, ռուս-հայկական եւ, ընդհանրապէս, բազմազգ բարեկամութեան խորհրդանիշ»,- ըսած է Ա. Արաբեան:
