Մարթին Էռնեկեան Ընտրուած է Օդակայաններու Միջազգային Խորհուրդի Նախագահ
Օդակայաններու միջազգային խորհուրդը (ACI) յայտարարած է Մարթին Էռնեկեանը «Օդակայաններու միջազգային խորհուրդ»-ի ղեկավար մարմինի նոր նախագահ ընտրելու մասին: Այս մասին կը տեղեկացնեն «Արմէնիա» Միջազգային Օդակայաններ» ՓԲԸ-էն:
«Կ՝ուզեմ ողջունել Մարթին Էռնեկեանը իբրեւ ACI-ի նոր նախագահ» ըսած է ACI-ի գլխաւոր տնօրէն Անկելա Կիթընս: «Մարթին ճանչցուած եւ յաջողակ գործիչ է այս ոլորտէն ներս: Աւելի քան մէկ տասնամեակ ըլլալով ACI-ի Լատինական Ամերիկա-Գարիպեան տարածաշրջանի գրասենեակի գործօն անդամ, իսկ 2016-էն՝ վերջինիս նախագահ, Մարթին մեծ փորձ ձեռք բերած է ներկայ պաշտօնը ստանձնելու համար»։
Մարթին Էռնեկեան աւելի քան 17 տարուան փորձ ունի տարատեսակ գործարարութիւններու ղեկավարման ոլորտէն ներս եօթ տարբեր երկիրներու մէջ՝ մասնաւորապէս Լատինական Ամերիկայի եւ Եւրոպայի:
«Ինծի համար մեծ պատիւ է ըլլալ Օդակայաններու միջազգային խորհուրդի ղեկավար մարմինի նախագահ: Ներկայիս շատ կարեւոր ժամանակաշրջան է թռիչքային ոլորտի եւ յատկապէս օդակայաններու համար: Մենք կը համախմբուինք՝ բաւարարելու համաշխարհային օդային ծառայութիւններու աճող պահանջարկը եւ մարդոց ծառայեցնելու այն հասարակական եւ տնտեսական օգուտները, որ պիտի բերէ այդ աճը»,- յայտարարած է Մարթին Էռնեկեան:
«Մեծ անհամբերութեամբ կը սպասեմ սկսելու իմ աշխատանքը Խորհուրդի, մեր անդամներու, գործընկերներու եւ շահագրգիռ կողմերու հետ՝ շարունակելու պաշտպանել օդակայաններու շահերը ողջ աշխարհի մէջ, քանի որ երկարաժամկէտ հեռանկարի վրայ մեր հետեւողական զարգացումն է»,- ընդգծած է ան։
Մարթին Էռնեկեան «Քորփորասիոն Ամերիկա օդակայաններ»-ու գլխաւոր տնօրէնն է, Հայաստանի ազգային հերոս Էտուարտօ Էռնեկեանի եղբօրորդին:
