Հոգեհանգիստ եւ Ծաղկեպսակի Զետեղում՝ Հայաստանի Երկրաշարժի Զոհերուն 30-րդ Տարելիցին Առիթով
1988-ի Հայաստանի Սպիտակ քաղաքը եւ շրջակայքի քաղաքներն ու գիւղերը հարուածած աղիտալի երկրաշարժի զոհերու 30-րդ տարելիցին առթիւ, Ուրբաթ՝ 7 Դեկտեմբեր 2018-ին, կ.ա. ժամը 11։40-ին, Աթէնքի Նայիատոն հրապարակին վրայ զետեղուած խաչքարին առջեւ, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան հանդիսաւոր պաշտօն՝ հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան պրն Ֆատէյ Չարչօղլեանի։
Հոգեհանգստեան պաշտօնին հանդիսապետեցին յունահայ համայնքապետներ Գեղամ Արք. Խաչերեան` առաջնորդ Յունաստանի հայոց թեմին, Յովսէփ Թ.Ծ. Վրդ. Պէզազեան` հայ կաթողիկէ Յունաստանի առաջնորդ եւ Յունաստանի հայ աւետարանական եկեղեցւոյ Վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեան։ Ներկայ էին Յունաստանի հայոց թեմի Ազգային Վարչութեան ատենապետ պրն Պօղոս Չոլաքեան եւ անդամներ, Ազգային Թեմական Ժողովի անդամներ, ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ պրն. Սերգօ Գույումճեան, Կրօնական Ժողովի քահանայ հայրեր, Հայ Դատի Յանձնախումբի, Հայ Կապոյտ Խաչի Շրջանային Վարչութեան, ՀՄԸՄ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչներ, ՀԿ Խաչի «Սոֆիա Յակոբեան» եւ «Զաւարեան» ազգային վարժարաններու տնօրէններ եւ նախակրթարանի 5-րդ եւ 6-րդ դասարաններու աշակերտութիւնը եւ հայրենակիցներ։ Արարողութեան աւարտին, զոհերու յիշատակին խաչքարին առաջ ծաղկեպսակներ զետեղեցին ՀՀ պրն դեսպանը եւ համայնքապետները։
Պատմութեան համար հարկ է նշել, որ Հայաստանի երկրաշարժէն աղիտահար մեր ժողովուրդին օգնութեան փութացած Յունաստանի պետութեան եւ յոյն ժողովուրդին առ ի երախտագիտութիւն Հայաստանէն առաքուած հայկական խաչքարը, յունահայ գաղութի ջանքերով եւ Աթէնքի քաղաքապետարանի որոշումով՝ Աթէնքի ՆԱՅԻԱՏՈՆ հրապարակին վրայ զետեղուած է 1996-ին։
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ
