Հայաստանի Մէջ ԱՄՆ Դեսպանը Հայոց Ցեղասպանութիւնը Պէտք է Ցեղասպանութիւն Անուանէ

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» (www.TheCaliforniaCourier.com) թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Յարութ Սասունեան 

Բոլորը գիտեն, որ դեսպանները պէտք է հետեւին իրենց կառավարութիւններու արտաքին քաղաքականութեան ուղենիշներուն եւ չեն կրնար կայացնել իրենց սեփական որոշումները: Այնուամենայնիւ, տարօրինակ է, որ ԱՄՆ իրար յաջորդող դեսպաններուն չեն արտօներ Հայոց Ցեղասպանութիւնը անուանել ցեղասպանութիւն։ Պարզապէս պատկերացուցէք, թէ ինչ աղմուկ պիտի բարձրանար, եթէ Իսրայէլի մէջ ԱՄՆ դեսպանը հրաժարէր օգտագործել Հրէական հոլոքոսթ եզրոյթը…

Հակառակ նոյնիսկ հայերու մէջ հանրային սխալ ընկալման՝ Միացեալ Նահանգները բազմիցս ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը կառավարութեան ամենաբարձր մակարդակներով:

ԱՄՆ ոեւէ պաշտօնեայ, որ կը խուսափի Հայոց Ցեղասպանութիւն եզրոյթի կիրառումէն, կը  խեղաթիւրէ Միացեալ Նահանգներու վաղեմի պատմութիւնը։ Ինչպէս բազմիցս գրած եմ, ԱՄՆ կառավարութիւնը առաջին անգամ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած է 1951 թուականին, երբ պաշտօնական զեկոյց ներկայացուցած է Արդարադատութեան միջազգային դատարան՝ յայտնի իբրեւ Համաշխարհային դատարան: ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատը 1975 եւ 1984 թուականներուն ընդունած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող երկու բանաձեւ, իսկ Ռոնալտ Ռէկըն, 1981 Ապրիլ 22-ին, հրապարակած է նախագահական հռչակագիր մը՝ յիշատակելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

Համեմատեցէք ԱՄՆ վերոնշեալ պատմական փաստերը ԱՄՆ վերջին նախագահներու եւ Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպաններու ըրած խուսափողական յայտարարութիւններուն հետ, բացառութեամբ Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպան Ճոն Էւանսի, որ խիզախօրէն ճշմարտութիւնը ըսաւ իշխանութեան Հայոց Ցեղասպանութեան մասին՝ վտանգելով իր դիւանագիտական ​​ասպարէզը, որ ընդհատուեցաւ 2006-ին նախագահ Ճորճ Պուշի վարչակազմին կողմէ։

2018 Դեկտեմբեր 4-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան պատշաճ ճանաչման եւս մէկ քննարկում տեղի ունեցաւ Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին կողմէ՝ Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանի պաշտօնին Լին Թրէյսիի թեկնածութեան հաստատման լսումներուն ժամանակ։

Լսումներուն ժամանակ՝ իր բացման խօսքին մէջ՝ Թրէյսի խուսափեցաւ օգտագործելէ Հայոց Ցեղասպանութիւն եզրոյթը. «Յանձնաժողովի մեծարգոյ նախագահ, 1915-ի սարսափազդու դէպքերը՝ Մեծ Եղեռնը կամ Մեծ աղէտը, որուն ժամանակ 1.5 միլիոն հայեր դարձած են տեղահանութիւններու, կոտորածներու եւ մահուան երթերու զոհեր Օսմանեան կայսրութեան վերջին տարիներուն, երբեք չեն կրնար մոռցուիլ: Ինչպէս Հայկական յիշատակի օրուան ուղերձին մէջ նշած էր նախագահ Թրամփ՝ «յարգանքի տուրք մատուցելով տառապեալներուն՝ մենք պէտք է ամէն ինչ ընենք թոյլ չտալու, որ նման վայրագութիւնները երբեւէ կրկնուին»: Հաստատուելու պարագային՝ իմ լիազօրութիւններու սահմանին մէջ՝ ես ամէն ինչ պիտի ընեմ Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակը վառ պահելու եւ այդ ծանրակշիռ յանձնառութեան հետամուտ ըլլալու համար: Մենք պէտք է առաջ նայինք՝ դէպի ապագայ եւ դէպի նոր հնարաւորութիւններ Հայաստանի յաջորդ սերունդին համար: Թուրքիոյ հետ հաշտեցման ուղղութեամբ առաջընթացը պիտի օգնէ կրճատելու Հայաստանի մեկուսացումը եւ թափ հաղորդելու երկրի տնտեսութեան: Այս նպատակով մենք կը քաջալերենք, որ Թուրքիան ու Հայաստանը ընդունին եւ առերեսուին անցեալի ցաւալի տարրերուն: Հաստատուելու պարագային՝ ամէն ինչ պիտի ընեմ աջակցելու առաւել խաղաղ ու արդիւնաւէտ յարաբերութիւններ կերտելու Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ջանքերուն»:

Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին ԱՄՆ պատմական փաստերուն հետեւելու փոխարէն, Թրէյսի ճարպիկ ձեւով դիմեց հին հայկական «Մեծ Եղեռն» եզրոյթին՝ Հայոց Ցեղասպանութիւն ճիշդ եզրոյթի կիրառումէն խուսափելու համար։ Ան «Մեծ Եղեռն»ը ոչ ճիշդ նկարագրեց իբրեւ «Մեծ աղէտ», որ իրականութեան մէջ կը նշանակէ «Մեծ ոճիր»:

Թրէյսիի բացման խօսքէն ետք՝ ծերակուտական Էտ Մարքին (դեմոկրատ, Մասաչուսէթս) հարցուց անոր. «Քիչ հաւանական կը թուի, որ Թրամփի վարչակազմը պիտի փոխէ իր ամերիկեան վաղեմի քաղաքականութիւնը, թէ ինչպէս կը յիշատակենք Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Ինչպէ՞ս կը վերաբերիք ամերիկահայ համայնքի կոչերուն՝ 1915-ի սպանդը անուանելու ցեղասպանութիւն»։

Թրէյսի պատասխանեց. «Թրամփի վարչակազմը եւ անձամբ ես կ՝ընդունինք այն պատմական փաստերը, թէ ինչ տեղի ունեցած է Օսմանեան կայսրութեան գոյութեան վերջին տարիներուն՝ զանգուածային սպանութիւններ, բռնի տեղահանութիւններ եւ մահուան երթեր, որոնք խլեցին 1.5 միլիոն կեանք եւ պատճառեցին բազում տանջանքներ։ Եւ ես, հաստատուելու պարագային, իմ լիազօրութիւններուս սահմանին մէջ, պիտի ընեմ ամէն ինչ, ճանչնալու եւ յարգելու անոնց կորուստներն ու տանջանքները եւ կը պարտաւորուիմ մասնակցելու յիշատակի բոլոր ձեռնարկներուն»։

Ծերակուտական Մարքին եզրակացուց. «Ժամանակն է, որ մենք պարզապէս կանգնինք եւ զայն կոչենք իր անունով։ Անիկա պիտի օգնէ մեզի ապագային վստահութիւն ձեռք բերելու»։

Այնուհետեւ, ծերակուտական Պոպ Մենենտես (դեմոկրատ, Նիւ Ճըրսի) շարք մը  հարցեր ուղղեց դեսպանի թեկնածու Թրէյսիին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ. «Դուք տեղեա՞կ էք, որ 1915-1923 ինկած ժամանակահատուածին մօտ 1.5 միլիոն հայ տղամարդ, կին եւ երեխայ սպաննուած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ»։

Թրէյսի պատասխանեց. «Այո՛, Ծերակուտական, ինչպէս ըսի, վարչակազմը եւ ես կ՝ընդունինք Ձեր նշած պատմական փաստերը»։

Մենենտես. «Դուք տեղեա՞կ էք, որ 1915 Մայիս 24-ին, դաշնակից պետութիւնները՝ Անգլիան, Ֆրանսան եւ Ռուսիան, հանդէս եկած են համատեղ յայտարարութեամբ՝ առաջին անգամ բացայայտօրէն մեղադրելով այլ կառավարութիւն մը «մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան դէմ յանցագործութիւններ» կատարելու մէջ»։

Թրէյսի. «Ծերակուտական, ես տեղեակ չեմ տուեալ իրադարձութեան մասին»:

Մենենտես. «Ես զայն ներկայացուցի Ձեր ուշադրութեան եւ Դուք զայն կարդալէ ետք գրաւոր կը պատասխանէք ինծի։ Դուք տեղեա՞կ էք, որ անկախ դաշնային գործակալութիւն հանդիսաւող ԱՄՆ Հոլոքոսթի յուշահամալիրին խորհուրդը, 1981 Ապրիլ 30-ին միաձայն ընդունած է, որ Միացեալ Նահանգներու Հոլոքոսթի թանգարանը պիտի փաստաթղթաւորէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը թանգարանին մէջ եւ ատիկա ըրած է հանրային փաստաթուղթերու ստուգման միջոցով»։

Թրէյսի. «Ծերակուտական, ես Ձեզի գրաւոր հաստատում կը ներկայացնեմ»։

Մենենտես. «Դուք տեղեա՞կ էք, որ Օսմանեան կայսրութեան մէջ ԱՄՆ այն ժամանակուան դեսպան Հենրի Մորկընթաուն ըսած է, որ թրքական կառավարութեան կողմէ հայերու տեղահանութեան հրամանը եղած է «ամբողջ ցեղի մահուան պատուէր» եւ «յատուկ ջանքեր չեն գործադրուած զայն թաքցնելու համար իր հետ անոնց ունեցած զրոյցին ժամանակ»։

Թրէյսի. «Այո՛, Ծերակուտական, ես տեղեակ եմ դեսպան Մորկընթաուի այդ զեկոյցի փաստերուն մասին»։

Մենենտես. «Արդեօք Դուք կարգապահական տոյժի պիտի ենթարկէ՞ք կամ այլ կերպ պիտի պատժէ՞ք  Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանատան ոեւէ աշխատակից՝ Հայոց Ցեղասպանութեան անկեղծ յիշատակման համար»։

Թրէյսի. «Ծերակուտական, կը կարծեմ, որ ինչպէս ես, այնպէս ալ բոլորս կը հետեւինք վարչակազմի քաղաքականութեան։ Եւ, քաղաքականութիւնը այն է, որ մենք կ՝ընդունինք 1915-ի իրադարձութիւններու պատմական փաստերը իբրեւ զանգուածային վայրագութիւն եւ մենք կը մասնակցինք իւրաքանչիւր յիշատակի ձեռնարկի: Եւ, ես պարզապէս պիտի ըսեմ, որ իբրեւ արտաքին ծառայութեան աւագ ղեկավար, միշտ բաց եմ իմ աշխատակազմի հետ հարցերու քննարկման համար։ Ես չեմ պատժեր մարդիկ իրենց տեսակէտները արտայայտելու համար։ Սակայն, իբրեւ գործադիր մարմինի անդամներ, վերջիվերջոյ, մենք զօրավիգ կը կանգնինք նախագահի քաղաքականութեան»։

Մենենտես եզրակացուց. «Այս խնդիրը յատկապէս Ձեզի չի վերաբերիր, անիկա կ՝առնչուի մեր առջեւ կանգնած թեկնածուներուն հետ։ Փաստօրէն, մենք ունինք պատմական իրականութիւն՝ կոտորուած է 1.5 միլիոն մարդ: Ատիկա ցեղասպանութիւն է: Եւ դեռ մենք դեսպան կ՝ուղարկենք երկիր մը, անոնց կը ստիպենք երթալ հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան յուշահամալիր, սակայն անոնք չեն կրնար զայն անուանել ցեղասպանութիւն։ Ասիկա բաւական հեգնական երեւոյթ է: Եթէ մենք չենք կրնար ճանչնալ անցեալը, ուստի մենք դատապարտուած ենք զայն վերապրելու։ Ուստի, ես յոյսով եմ, որ Պետական բաժանմունքը… ասիկա իւրայատուկ չէ Պետական բաժանմունքին համար։ Անիկա դեռ կը շարունակուի երկար ժամանակէ ի վեր։ Մենք պէտք է փոխենք այդ իրականութիւնը: Ես Ձեզ շարք մը հարցեր տուի, քանի որ կը փորձեմ ձեզի տալ միւս բոլոր տարրերը: Սակայն իրականութիւնը այն է, որ կը թուի՝ մենք չենք կրնար արտօնել, որ այդ բառերը դուրս գան մեր շուրթերէն՝ Հայոց Ցեղասպանութիւն։ Ահա, թէ ինչ տեղի ունեցած է։ Այն, ինչ ցոյց կու տայ պատմութիւնը։ Այն, ինչ կը ճանչնայ աշխարհը։ Այն, ինչ մեր սեփական դաշնային գործակալութիւնը կը ճանչնայ Հոլոքոսթի թանգարանին նման: Յոյսով եմ, որ Դուք կրնաք նայիլ բոլոր հարցադրումներուն եւ լաւագոյնս պատասխանել, որպէսզի հասնինք աւելի լաւ տեղ մը»։

Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը Թրէյսիի թեկնածութիւնը պիտի քննարկէ ապագայ լսումներուն ժամանակ, երբ ան ներկայացնէ իր խոստացած գրաւոր պատասխանները ծերակուտական Մենենտեսի առաջադրած հարցադրումներուն։

 

Թարգմանութիւնը կատարեց Ռուզաննա Աւագեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց ԵՌԱԳՈՅՆ-ը