Հալէպի Մէջ Կատարուեցաւ Համազգայինի «Զաւարեան» Մշակութային Կեդրոնին Բացումը

Սփիւռք

Երկուշաբթի, 10 Դեկտեմբեր 2018-ին, յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին, տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Զաւարեան» մշակութային կեդրոնին պաշտօնական բացումը։

Բացման արարողութեան ներկայ էին՝ վասն Բերիոյ Թեմի Առաջնորդին, Տէր Յուսիկ Աւագ Քահանայ Սեդրաքեան, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ՝ Սպարտակ Ղարաբաղցեան, Լորիկ Սապունճեան, Անդրանիկ Միսրլեան եւ Կարօ Ալեքսանեան, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Վարչութեան անդամ Գուրգէն Գալուստեան եւ Պատկան Մարմինի ներկայացուցիչներն ու Համազգայինի Շրջ. Վարչութեան անդամները։