«Դիլիջան» Համերգաշարի «Ընտանիք» Ձեռնարկը Լոս Անճելըսի Մէջ Պիտի Կայանայ Դեկտեմբեր 16-ին

Սփիւռք

«Լարք» երաժշտական ընկերակցութեան կազմակերպած սենեկային երաժշտութեան «Դիլիջան» համերգաշարին 14-րդ շրջանի երկրորդ ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 16 Դեկտեմբերին, կ.ե. ժամը 3-էն սկսեալ, Լոս Անճելըսի քաղաքամէջը գտնուող «Քոլպըրն» երաժշտանոցի «Զիփըր» համերգասրահին մէջ (200 S. Grand Ave., Los Angeles, CA 90012):

«Ընտանիք» խորագրուած այս համերգին պիտի ներկայացուին Ֆելիքս Մենտըլսոնի կողմէ 16 տարեկանին յօրինուած եւ անոր գլուխ գործոցներէն մէկը նկատուող լարային ութեակը, ինչպէս նաեւ Արամ Խաչատուրեանի «Սոնաթա-Մենախօսութիւն»ը՝ ջութակի համար։ Գործը պիտի ներկայացնէ գանատահայ Եւա Արոնեան։ Յայտարգիրին վրայ են նաեւ Միէչիսլավ Ուայնպըրկէն եւ Տմիթրի Շոսթաքովիչէն ստեղծագործութիւններ։

Համերգին գլխաւոր կատարողներն են՝ Մարթին Պիվըր (ջութակ), Մովսէս Պօղոսեան (ջութակ), Վարդի Մանուէլեան (ջութակ), Քարա Պօղոսեան (ջութ), Փօլ Քոլեթի (թաւջութակ), Քլայվ Կրինսմիթ (թաւջութակ) եւ Եդուարդ Պօղոսեան (թաւջութակ)։

Համերգին տոմսերու սակը 20 եւ 35 տոլար է, իսկ ուսանողներու համար՝ 15 տոլար:

Տեղեր ապահովելու համար, դիմել (818) 500-9997 թիւին, կամ այցելել www.dilijan.larkmusicalsociety.com կայքը: