Նոր Ազգային Ժողովն ու Կառավարութիւնը Պիտի Աշխատին Մեծ Պատասխանատւութեամբ. ՀՀ Նախագահ

Հայաստան

Դեկտեմբեր 9-ին մեր երկրին մէջ տեղի ունեցած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները կայացած իրողութիւն են, որուն իբրեւ արդիւնք պիտի ձեւաւորուին իշխանութեան օրէնսդիր եւ գործադիր ճիւղերը՝ ԱԺ ընտրութիւններուն առիթով տարածած ուղերձին մէջ նշած է ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան։

«Կը շնորհաւորեմ «Իմ քայլը» դաշինքը, «Բարգաւաճ Հայաստան» եւ «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւնները, որոնք, յաղթահարելով օրէնքով նախատեսուած շեմը, պիտի կազմաւորեն Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը: Միաժամանակ, կ՝ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել ընտրութիւններուն մասնակցած բոլոր կուսակցութիւններուն ու դաշինքներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի բոլոր քաղաքացիներուն, որոնք իրենց վերաբերմունքը արտայայտեցին երկրի ապագային վերաբերեալ:

Այս ընտրութիւնները, իբրեւ համապետական քաղաքական գործընթաց, առաջինն են մեր երկրին մէջ տեղի ունեցած գարնանային մեծ փոփոխութիւններէն ետք: Նորընտիր Ազգային ժողովն ու կառավարութիւնը պիտի աշխատին մեծ պատասխանատւութեամբ: Կը մաղթեմ անոնց հաստատակամութիւն եւ եռանդ՝ իրենց ծրագիրները իրականացնելու ճանապարհին:

Հայրենիքը կը հզօրանայ, իսկ անոր պատմութիւնը կը ստեղծուի բոլորիս ամենօրեայ քրտնաջան աշխատանքով: Բոլորի՛ս պարտքն է ողջ ուժերը ներդնել ի շահ երկրի ու ժողովուրդի, յանուն ուժեղ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու, համայն հայութեան եւ Հայաստանի բոլոր քաղաքացիներու: Աստուած պահապան մեր երկրին ու ժողովուրդին»,- ըսուած է ՀՀ նախագահի ուղերձին մէջ։