Եւրոպական Միութիւնը Կրճատած Է Թուրքիոյ Տրամադրուելիք Նիւթական Օժանդակութիւնը

Աշխարհ

Եւրոպական Միութիւնը 2019-ի իր պիւտճէին մէջ զգալի կերպով կրճատած է Թուրքիոյ` իբրեւ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան յաւակնող երկրի տրամադրուելիք նիւթական աջակցութեան չափը: Այս մասին, ըստ «Ազդակ»-ի, կը հաղորդէ «կազեթէքարինճա» կայքը:

Թուրքիոյ տրամադրուելիք գումարը նուազած է 146,7 միլիոն եւրոյով: Բացի ատկէ, կը նշուի, որ սուրիացի գաղթականներու կարիքները հոգալու համար Թուրքիան պիտի ստանայ 1,45 միլիառ եւրօ օգնութիւն:

Պիւտճէի թղթածրարը տակաւին չէ հաստատուած համապատասխան մարմիններուն կողմէ:

Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ժան-Քլոտ Եունքեր անցեալ տարի յայտնած էր, որ Եւրոպական Միութիւնը որոշակի փոփոխութիւններ պիտի մտցնէ Թուրքիոյ` իբրեւ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան յաւակնող երկրի տրամադրուող ելեւմտական օժանդակութեան համակարգին մէջ: Ան մասնաւորաբար նշած էր, որ այսուհետեւ օժանդակութեան պիւտճէին մէջ որոշակի կրճատումներ պիտի կատարուին, բացի ատկէ` Եւրոպական Միութիւնը այսուհետեւ գումարներ պիտի տրամադրէ միայն արդարադատութեան համակարգի եւ ոչ թէ կառավարական կազմակերպութիւններու համար: