Արուեստագիտուհի Լիւսի Թիւթիւնճեանի Անհատական Ցուցահանդէսին Հասոյթը` Բարեսիրական Նպատակներու

Սփիւռք

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին, երէկ` Հինգշաբթի, 6 Դեկտեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ բացումը արուեստագիտուհի Լիւսի Թիւթիւնճեանի անհատական ցուցահանդէսին, որուն հասոյթը պիտի տրամադրուի բարեսիրական նպատակներու: Ցուցադրուած էին տարբեր չափերու եւ թեմաներու 53 իւղաներկ պաստառներ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազդակ»-ը։

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն ըսաւ, թէ ցուցասրահին մէջ արուեստագիտուհի Լիւսի Թիւթիւնճեան մասնակցած է աւելի քան 12 անհատական թէ հաւաքական ցուցահանդէսներու: Այս ցուցահանդէսը սովորական ցուցահանդէս մը չէ, այլ` նման է այն բոլոր ցուցահանդէսներուն, որոնք կը հետապնդեն բարեսիրական նպատակ` կարօտեալին, անկարին, նաեւ ապագայ սերունդի դաստիարակութեան համար օգտակար դառնալու:

Լիւսի Թիւթիւնճեան

Հաւաթեան ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց, որ 2019-ի Նոյեմբերին պիտի նշուի ցուցասրահի 10-ամեակը, այս տասը տարուան ընթացքին կազմակերպուեցան 95 անհատական եւ հաւաքական ցուցահանդէսներ, հիւրընկալուեցան  լիբանանահայ, տեղացի, հայաստանցի, նաեւ սփիւռքի զանազան գաղութներէն հայ եւ օտար աւելի քան 120 արուեստագէտ-արուեստագիտուհիներ: Ան ըսաւ, թէ ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցան նաեւ այլ մշակութային հաւաքներ, գիրքերու ներկայացումներ, զրոյցներ` կեդրոնը վերածելով ջերմ հանդիպման հարազատ վայրի մը` առանց որեւէ հատուածական խտրութեան: «Մենք երախտապարտ ենք Կարպիս եւ Լիւսի Թիւթիւնճեան ամոլին, որոնք այս մթնոլորտի զարգացման մէջ մեծապէս դերակատար եւ համախմբող եղան` ամէն բանէ վեր դասելով մշակոյթը, եւ մշակոյթի համար ամէն բան տալու պատրաստակամութեան մէջ ամբողջական զօրակցութիւն ու նեցուկ հանդիսացան», շեշտեց Յակոբ Հաւաթեան եւ եզրափակելով իր խօսքը հաստատեց, որ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահը իր առաքելութեամբ եւ իր համեստ եկամուտով ծառայեց նաեւ հրատարակչական գործերու, դասագիրքերու եւ մանկական գիրքերու պատրաստութեան` վստահեցնելով, որ այս երթը պիտի շարունակուի:

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ արուեստագիտուհին, որ իր յուզումը յայտնեց մեծ թիւով ներկաներուն համար, որոնք հետաքրքրուած էին իր պաստառները տեսնելու` մաղթելով, որ կը գոհացնէ անոնց ճաշակը: Թիւթիւնճեան նկատել տուաւ, որ ինք կ՛արտայայտէ այն, ինչ որ կը զգայ օրուան ընթացքին, եւ բոլոր պաստառները աշխատած է զգացումով ու սիրելով: Ան գնահատեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն` նկատել տալով, որ անոնց ներկայութիւնը յաւելեալ աշխատանքի առիթ պիտի ընծայէ իրեն, որպէսզի իր կարելին ի գործ դնէ լաւ պաստառներ ստեղծագործելու համար:

Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 22 դեկտեմբեր եւ բաց է ամէն օր,  առաւօտեան ժամը 9:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:30: