Հայաստանի Մօտ Ամերիկայի Դեսպանէն Ցեղասպանութեան Ճանաչման Եւ Առեւտուրի Սերտացման Երաշխիքներ Պահանջուեցան

Աշխարհ, Սփիւռք

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 4-ին տեղի ունեցած Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի նիստին ընթացքին հարցաքննուեցաւ նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնին առաջադրուած Լին Թրէյսի նշանակումը վաւերացնելու հարցը։

Քննարկումին ընթացքին, ծերակուտական Պապ Մենենտեզ եւ Էտ Մարքի նախ լուսարձակի տակ առին Հայոց Ցեղասպանութեան նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններուն թերի կեցուածքը, երաշխիքներ պահանջելով Ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչման վերաբերեալ։

1207Menendez

Պապ Մենետեզ

Թրէյսի յայտնեց, թէ ինք եւ Թրամփի վարչակազմը «կ՛ընդունին պատմական դէպքերը, որոնք տեղի ունեցած են Օսմանեան կայսրութեան վերջին տարիներուն եւ որոնց ընթացքին սպաննուած ու պարտադիր տեղահանութեան ենթարկուած են 1.5 միլիոն հոգի»՝ աւելցնելով, թէ իր կարելին պիտի ընէ զոհերուն յիշատակը յարգելու համար, առանց սակայն «ցեղասպանութիւն» բառը գործածելու։

Հակադարձելով այս պատասխանին՝ Մենենտեզ ըսաւ. «Պատմական իրականութիւն է, որ 1.5 միլիոն հոգի սպաննուած է եւ արարքին անունը «ցեղապսանութիւն է», ցաւ յայտնելով, որ Ուաշինկթըն կը շարունակէ Հայաստան ղրկել այնպիսի դեսպաններ, որոնք քաջութիւնը չունին «ցեղասպանութիւն» բառը գործածելու եւ ազդարարելով, որ եթէ չկարենան անցեալի դէպքերը յստակօրէն ճանչնալ եւ ընդունիլ, անոնց կրկնութիւնը աւելի հաւանական պիտի դառնայ։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան եւս ցաւ յայտնեց, որ դեսպանը խուսաբողական լեզու օգտագործած է՝ մերժելով յստակօրէն ճանչնալ Հայոց Ցեղապսնութեան պատմական իրողութիւնը։ Համբարեան աւելցուց, թէ նման դեսպանի մը նշանակումը ցոյց կու տայ, որ Թրմափի կառավարութինը եւս կարողութիւնը չունի լաւապէս դէմ դնելու Ցեղասպանութիւնը ուրանալու Անգարայի քաղաքականութիւնը Ուաշինկթըն արտածելու Թուրքիոյ ջանքերուն։

Միւս կողմէ, Մարքի դրուատեց Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած իշխանութեան ժողովրդավարական փոխանցումը, հարցնելով դեսպանին, թէ Ուաշինկթըն ի՛նչ քայլերու պիտի դիմէ նեցուկ կանգնելու Հայաստանը ժողովրդավարականացնելու ջանքերուն։

Թրէյսի շեշտեց, թէ ներկայ հանգրուանին շեշտը կը դրուի զեղծարարութեանց կասեցման, քաղաքացիական հասարակութեան ու անկախ մամուլի հզօրացման։

1207Markey

Էտ Մարքի

Համբարեան շեշտեց, թէ դեսպանը պէտք է յաւելեալ ուշադրութիւն դարձնէ Հայաստանի հետ առեւտրական կապերը ամրապնդելու եւ կրկնակի հարկերէ խուսափելու նպատակով արդիական համաձայնագիր մը գոյացնելու ջանքերուն վրայ։

Նշենք, որ Մենենտեզ կրկնակի հարկումէ խուսափելու նպատակով Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ նոր համաձայնագիր մը գոյացնելու ջանքերուն մասին հարցում մը հարցուցած էր դեսպանի թեկնածուին, որ դարձեալ խուսափողական պատասխան մը տուած էր՝ յայտնելով, որ այդ գործով կը զբաղի գլխաւորաբար կառավարութեան գանձատան բաժանմունքը։

Համբարեան դրուատեց Հայաստանի նկատմամբ աւելի ընդունելի քաղաքականութիւն պահանջելու նպատակով Մենենտեզի եւ Մարքիի շինիչ հարցումները, նոյն ժամանակ ողջունելով Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող քաղաքական դրական զարգացումներուն նկատմամբ դեսպանի պաշտօնի թեկնածուին քաջալերական խօսքերը։

Նշենք, որ Թրէյսի Ռուսիոյ եւ Խորհրդային Միութեան նախկին պետութիւններու հարցերու փորձագէտ է: Թրէյսի ասպարէզով դիւանագէտ է եւ այժմ կը վարէ Ամերիկայի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ Ռուսիոյ հարցերու աւագ խորհրդականի պաշտօնը:

Ան նախապէս աշխատած է իբրեւ Միացեալ Նահանգներու փոխդեսպան Մոսկուայի, Աշխապատի եւ Ասթանայի մէջ, նաեւ եղած է Ամերիկայի արտաքին գործոց նախարարի՝ Կեդրոնական Ասիոյ հարցերու տեղակալի առաջին օգնական: Աշխատած է նաեւ Փեշաուարի (Փաքիստան) ամերիկեան հիւպատոսութեան մէջ: