Քիմիականի Շահագործումը Մարդկային Զոհերու Գնով

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Գանձասար»-ի խմբագրական

Սուրիական պատերազմի տարբեր փուլերուն, տեղական եւ ռուսական ռազմական կեդրոններ քանիցս յայտնեցին, որ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ քիմիական մեծաքանակ զէնքեր ունին իրենց տրամադրութեան տակ:

Հալէպի ուղղութեամբ ահաբեկչական խմբաւորումներուն քիմիական նիւթեր պարունակող հրթիռներով վերջին յարձակումը հաստատեց այս տեղեկութիւնը: Այս պարագային, սակայն, տարբերութիւն մը արձանագրուեցաւ: Եթէ նախապէս զինեալ խմբաւորումներու ներկայութիւնը արդարացնելու համար արտաքին կողմեր սուրիական բանակը կ’ամբաստանէին քիմիական զէնքեր ունենալուն ու անոնցմով ահաբեկիչներն ու անոնց ենթակայ շրջանները հրթիռակոծելու յանցանքով, ներկայիս սուրիական բանակի հակակշռին տակ գտնուող շրջաններու մէջ քաղաքայիններ թիրախ կը դառնան:

Հալէպի արուարձաններէն Խան ալ Ասալի մէջ Մարտ 2013-ին  բեմականացուած քիմիական առաջին յարձակումէն ի վեր, բացայայտ դարձած էր արդէն որ ահաբեկչական խմբաւորումներ քիմիական նիւթեր ունին իրենց տրամադրութեան տակ, Օգոստոս 2017-ին Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը պարզած էր, որ քիմիական մեծաքանակ  նիւթեր հասած են Հալէպի հիւսիսային Սարաքէպ աւան, «Սպիտակ սաղաւարտներ» մարդասիրական կազմակերպութեան անդամներու միջոցով: Նախարարութիւնը շեշտած էր, որ զինեալներ կը բեմադրեն քիմիական յարձակում մը եւ կը ծրագրեն սուրիական կառավարական ուժերը մեղադրել խաղաղ բնակիչներուն դէմ քիմիական զէնք կիրարկելու յանցանքով: Նոյն ամսուան ընթացքին Իտլիպի մէջ տեղական աղբիւրներ յայտնեցին, որ թրքական սահմանէն  8 տակառ քլոր վերարտադրելու յատուկ քիմիական նիւթ հասած է Ճըսըր Շուղուր:

Նախորդ տարուան Ապրիլին Սուրիոյ Խան Շէյխուն քաղաքին մէջ տեղի ունեցած քիմիական յարձակումը  տեղեկատուական եւ քաղաքական մեծ աղմուկ բարձրացուց: Զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ կրկին սուրիական կառավարական ուժերը մեղադրեցին խաղաղ բնակիչներուն դէմ քիմիական զէնք կիրարկելու յանցանքով, մինչդեռ սուրիական կողմն ու Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը հաստատեց, որ Սուրիոյ օդուժը հրթիռակոծած էր ահաբեկիչներուն զինապահեստներէն մէկը, ուր քիմիական մեծաքանակ զէնքեր պահուած էին:

Պատահեցան այլ  դէպքեր եւս, որոնց ընթացքին զինեալ ահաբեկիչներ «Սպիտակ սաղաւարտներ» մարդասիրական կազմակերպութեան անդամներուն հովանաւորութեամբ եւ մասնակցութեամբ բեմադրեցին քիմիական յարձակումներ եւ սուիրական կառավարական ուժերը մեղադրեցին՝ արտաքին զինուորական միջամտութիւններ իրականացնելու նպատակով:

Վերջին դէպքը Ապրիլ 2018-ին արեւելեան Ղութայի Տումա շրջանին մէջ ահաբեկիչներուն բեմադրած քիմիական յարձակումն էր: Նման բեմադրութիւն ի գործ դրուած էր նաեւ Սարաքէպի մէջ, մէկէ աւելի անգամներ՝ Ապրիլ 2014-ին, Օգոստոս 2016-ին եւ Փետրուար 2018-ին:

Ովքե՞ր են, սակայն, այս յարձակումներէն օգտուողները:

Վերլուծաբաններու համաձայն, հիմնական օգտուողները Արեւմուտքն ու Թուրքիան են, որոնք կը նկրտին արտաքին զինուորական իրենց միջամտութիւնը արդարացնելու եւ Սուրիոյ, յատկապէս Հալէպի, վերականգնումը կարելի եղած չափով յետաձգելու:

Անոնք դիտել կու տան, որ յատկապէս Էրտողան շահագրգռուած է Սուրիոյ քաղաքական անկայունութեամբ, որովհետեւ Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններն ու յատկապէս Հալէպը իր երկրին կցելու բացայայտ ախորժակ  ունի: Այլապէս ինչպէ՞ս բացատրել Հալէպի գործարաններու թալանն ու անոնց ամբողջ գործիքներուն Թուրքիա տեղափոխումը, ինչպէ՞ս բացատրել Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ Թուրքիոյ կազմակերպած ժողովրդագրական փոփոխութիւնը, յատկապէս քրտական շրջաններու պարպումով ու այդ շրջաններուն մէջ Թուրքիոյ սահմաններուն վրայ հաստատուած գաղթականներու վերաբնակեցումով:

Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ ներկայութեան վերջ պիտի կարենայ տալ Ռուսիան, յատկապէս երբ հաստատէ, որ Թուրքիա չէ յարգած ու մէկընդմիշտ պիտի չյարգէ ո՛չ Իտլիպէն, ոչ ալ Հալէպի հիւսիսային արուարձաններէն զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումները դուրս բերելու իր խոստումը: