Պեռլինի Մէջ Տեղի Ունեցած Է Սարգսեան-Մերքել Հանդիպումը

Աշխարհ, Հայաստան

Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան վարչապետի նստավայրին մէջ Նոյեմբեր 28-ին կայացած է Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ վարչապետ Անկելա Մերքելի հանդիպումը:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ ՀՀ նախագահի մամլոյ վարչութիւնը, ողջունելով Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնական այցը Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութիւն` վարչապետ Անկելա Մերքել ըսած է, որ շատ լաւ յիշողութիւններ ունի Հայաստան կատարած իր վերջին այցէն:

Ան նշած է, որ յատկապէս տպաւորուած է «Թումօ» ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնով, եւ այժմ գերմանական կողմը կը քննարկէ համագործակցութեան հնարաւորութիւնները:

«Հայաստանը Գերմանիան կը դիտարկէ որպէս քաղաքական եւ տնտեսական կարեւոր գործընկեր ու բարեկամ երկիր»,- ըսած է նախագահ Սարգսեան եւ նշած, որ ուրախ է կրկին հանդիպելու եւ շարունակելու հայ-գերմանական յարաբերութիւններու ընդլայնման վերաբերեալ քննարկումները: Անոր խօսքով` երկու երկիրները կրնան յաջողութեամբ համագործակցիլ բարձր եւ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու ոլորտներուն մէջ, ուր Հայաստանը ունի մեծ ներուժ: «Մեր երկիրը կրնայ հարթակ ըլլալ տարբեր նախաձեռնութիւններու (startup) համար»,- ընդգծած է Արմէն Սարգսեան:

Հայաստանի նախագահն ու Գերմանիոյ վարչապետը երկու բարեկամ ժողովուրդներու միջեւ կապերու ամրապնդման տեսանկիւնէ կարեւոր համարած են նաեւ մշակութային ու գիտակրթական ոլորտներու մէջ ձեւաւորուած բաւական արդիւնաւէտ համագործակցութեան ընդլայնումը: Անոնք խօսած են նաեւ զբօսաշրջութեան ոլորտի մէջ գործակցութեան վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ մտքեր փոխանակած են վիզաներու ազատականացման հարցի շուրջ: