Արմէն Սարգսեան Պեռլինի Մէջ Ներկայ Գտնուեցաւ Արամ Խաչատրեանի 115-ամեակին Նուիրուած Համերգին

Աշխարհ, Հայաստան

Պաշտօնական այցով Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութիւն գտնուող նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ տիկին Նունէ Սարգսեան Նոյեմբեր 28-ի երեկոյեան հանրայայտ Քոնզերթհաուս Պեռլին (Konzerthaus Berlin) համերգասրահին մէջ ներկայ գտնուած են հայ մեծանուն երաժշտահան Արամ Խաչատրեանի 115-ամեակին նուիրուած Հայաստանի ազգային ֆիլհարմոնիկ նուագախումբի համերգին` համաշխարհային հռչակ ունեցող ջութակահար Սերգէյ Խաչատրեանի մասնակցութեամբ:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ ՀՀ նախագահի մամուլի վարչութիւնը, համերգը ղեկավարած է Հայաստանի ազգային ֆիլհարմոնիկ նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար Էդուարդ Թօփչեան: