«­Հա­մազ­գա­յին»ի 90-ա­մեա­կին Նո­ւի­րո­ւած Տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն Յունաստանի Մէջ (նկարներ)

Սփիւռք

Ազգ մը ա­ռանց մշա­կոյ­թի ա­պա­գայ չու­նի: Մ­շա­կոյ­թը ժո­ղո­վուրդ­նե­րու զգա­ցո­ղու­թեան կամրջ­ման վայրն է: ­Լաւ եւ ո­րա­կա­ւոր մշա­կոյ­թը բո­լո­րին հա­մար միեւ­նոյն եր­գը կ­՚եր­գէ: Մ­շա­կոյ­թը հա­յե­րուն հա­մար այն­պի­սի կա­րե­ւոր դեր խաղ­ցած է ի­րենց կեան­քին մէջ, որ թե­րեւս հա­յերն ալ բո­լո­րո­վին ա­նոր ամ­բող­ջա­կան դերն ու ար­ժէ­քը հասկ­ցած չեն: Մ­շա­կոյ­թը հա­յուն կը յի­շեց­նէ իր ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րուն վե­րա­դար­ձը:
Հայ մար­դու ար­ժէք­նե­րուն ընդ­մէ­ջէն վստա­հինք հայ մշա­կոյ­թին:

1928-ին, ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ան­կա­խու­թե­նէն ու­ղիղ տաս­նա­մեակ մը յե­տոյ, Գա­հի­րէի մէջ խումբ մը մտա­ւո­րա­կան տի­տան­ներ, ինչ­պէս ­Լեւոն ­Շանթ, ­Նի­կոլ Աղ­բա­լեան, Գաս­պար Ի­փէ­կեան եւ ու­րիշ­ներ, հի­մը կը դնէին այս աշ­խար­հա­տա­րած մեծ կազ­մա­կեր­պու­թեան, որ կո­չո­ւած էր ար­տերկ­րի հա­յու­թեան ու­ծաց­նող վտան­գա­ւոր պայ­ման­նե­րուն մէջ մշա­կոյ­թի ճամ­բով պա­հե­լու եւ պահ­պա­նե­լու հայ լե­զուն, գիրն ու գրա­կա­նու­թիւ­նը, երգն ու նո­ւա­գը, ի­րա­րու յա­ջոր­դող եւ ձու­լու­մի են­թա­կայ ե­րի­տա­սարդ սե­րունդ­նե­րը հայ­կա­կան բարձր ար­ժէք­նե­րու ան­դաս­տա­նին մէջ պաշտ­պա­նե­լու ա­ռա­ջադ­րան­քով:

Անց­նող 9 տաս­նա­մեակ­նե­րու դժուա­րին պայ­ման­նե­րուն մէջ, հա­մա­հայ­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան մը տա­րած­քը ստա­ցած այս միու­թիւ­նը, իր տա­քուկ գիր­կին մէջ հա­մախմ­բեց 1915-ի ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն տարտղ­նուած հա­յու ջախ­ջա­խո­ւած բե­կոր­նե­րը, եւ դաս­տիա­րա­կեց զա­նոնք պատ­մամ­շա­կու­թա­յին մեր ար­ժէք­նե­րուն տէր կանգ­նե­լու եւ գուր­գու­րա­լու մեր դա­րա­ւոր ժա­ռան­գու­թեան ար­ժէք­նե­րուն վրայ, հա­ւա­տա­րիմ ու պա­հա­պան մնա­լով հա­յու­թեան ան­փո­խա­րի­նե­լի ա­ռա­քե­լու­թեան ու պայ­քա­րի տես­լա­կան­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման:

«­Հա­մազ­գա­յին»ի հիմ­նադ­րու­թեան 90-րդ ­տա­րե­դար­ձին ա­ռի­թով, ամ­բողջ տա­րո­ւան ըն­թաց­քին, Հա­յաս­տա­նի թէ սփիւռ­քի բո­լոր հա­յա­գա­ղութ­նե­րուն մէջ, յո­բե­լի­նա­կան հան­դի­սու­թիւն­ներ ու տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­ներ տե­ղի ու­նե­ցան, ո­րոնց ըն­թաց­քին վեր առ­նո­ւե­ցան տո­ւեալ միու­թեան դերն ու գոր­ծու­նէու­թիւ­նը հայ կեան­քի վար­ժա­րա­նա­յին ցան­ցի (­Պէյ­րութ, ­Մար­սէյլ, Ի­սի-լէ Մու­լի­նօ եւ ­Սիտ­նի), ե­րի­տա­սարդ հայ նոր սե­րուն­դին հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թիւն ջամ­բե­լու ա­ռա­քե­լու­թեամբ:

***

Տօ­նա­կա­տա­րու­թիւ­նը սկսաւ տե­սե­րի­զի (վի­տէօ) մը ներ­կա­յաց­մամբ, պատ­րաս­տո­ւած Հա­յաս­տա­նի մէջ, ուր թա­տե­րա­կա­նա­ցո­ւած բե­մադ­րու­թեամբ կը ներ­կա­յա­ցո­ւէր «­Հա­մազ­գա­յին»ի հիմ­նադ­րու­թեան ա­ռա­ջին հան­դի­պու­մը ­Գա­հի­րէի մէջ, խումբ մը մտա­ւո­րա­կան ըն­կեր­նե­րու կող­մէ (­Շանթ, Աղ­բա­լեան, Ի­փէ­կեան, Օ­հան­ջա­նեան, Ս­տե­փան Ե­սա­յեան, ­Մի­նաս ­Խա­չա­տու­րեան, ­Սեդ­րակ ­Պա­լըգ­ճեան, ­Յա­կոբ ­Պա­լըգ­ճեան, ­Սար­գիս Մալ­խա­սեան, ե­ւայլն):

Յայ­տագ­րի ըն­թաց­քին ներ­կա­յա­ցուե­ցաւ երկ­րորդ տե­սե­րիզ մըն ալ, որ կ­՚անդ­րա­դառ­նար յատ­կա­պէս ­Յու­նաս­տա­նի «­Հա­մազ­գա­յին»ի հիմ­նադ­րու­թեան ու գոր­ծու­նէու­թեան, հին օ­րե­րէն մին­չեւ մեր օ­րե­րը միու­թեան բազ­մա­մարզ աշ­խու­ժու­թեանց եւ ե­լոյթ­նե­րուն ընդ­մէ­ջէն:

«­Հա­մազ­գա­յին»ի տօ­նա­կա­տա­րու­թիւ­նը ի­րենց ներ­կա­յու­թեամբ պա­տո­ւած էին «­Հա­մազ­գա­յին»ի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ ընկ. Մկրտիչ Մկր­տի­չեան, Հ. Յ. Դ. Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. ­Քե­րով­բէ Է­քի­զեան, յու­նա­հա­յոց Ազ­գա­յին Վար­չու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. ­Թագ­ւոր ­Յո­վա­կի­մեան, Հ.Օ.Մ.-ի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թեան ան­դամ ընկ. ­Լի­զա Ա­ւա­գեան, Հ. Կ. ­Խա­չի ­Յու­նաս­տա­նի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի ընկ. ­Լի­զէթ ­Գի­րա­զեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան եւ մաս­նա­ճիւղ­նե­րու վար­չու­թեանց ա­տե­նա­պետ­ներ, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան Միու­թեան ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թիւ­նը, միու­թե­նա­կան կա­ռոյց­ներ, Ա­թէն­քի հո­գե­ւոր հո­վիւ Հ­րայր Ա. Քհնյ. ­Նի­կո­լեան:

Հան­դի­սա­վա­րու­թիւ­նը կը կա­տա­րէր «­Հա­մազ­գա­յին»ի Շր­ջա­նա­յին նո­րըն­տիր ­Վար­չու­թեան քար­տու­ղա­րու­հի ընկ. Ար­շա­լոյս ­Սափ­րի­չեան:

«Ա­թի­նա­յի­քօ» հան­դի­սաս­րա­հի մուտ­քին, «­Հա­մազ­գա­յին»ի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան կող­մէ պատ­րաս­տո­ւած էր ցու­ցա­հան­դէս մը, ուր կը հան­դի­սադ­րո­ւէին միու­թեան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը ներ­կա­յաց­նող լու­սան­կար­չա­կան ալ­պոմ­ներ, ա­ֆիշ­ներ, յայ­տա­գիր­ներ, նա­մակ­ներ, պար­գե­ւատ­րում­ներ, շքան­շան­ներ ու յու­շա­տախ­տակ­ներ, նա­մակ­ներ, հրա­տա­րա­կու­թիւն­ներ, «­Հա­մազ­գա­յին»ի պատ­րաս­տու­թեամբ «­Լա­լան ու Ա­րան» հա­յե­րէն խօ­սող պուպ­րիկ­ներ, ե­ւայլն, որ մե­ծա­պէս գրա­ւե­ցին ժո­ղո­վուր­դին հե­տաքրք­րու­թիւ­նը, որ մօ­տե­նա­լով սե­ղան­նե­րուն թղթա­տեց, դի­տեց, կար­դաց, իսկ հի­նե­րը վե­րապ­րե­ցան ան­ցեա­լի յի­շա­տակ­նե­րու ե­րա­նե­լի օ­րեր ու պա­հեր:

«­Հա­մազ­գա­յին»ի թղթա­կից

Յունաստան