Բնապահպանութեան Ոլորտին Մէջ Հայաստանը Խոշոր Դրամաշնորհ Պիտի Ստանայ

Հայաստան

ՀՀ կառավարութիւնը հաւանութիւն տուաւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Վերականգնման վարկերու դրամատան միջեւ Հայաստանի մէջ կենսաբազմազանութեան եւ կայուն տեղական զարգացման ծրագիրի 23 միլիոն 208 հազար եւրոյի չափով դրամաշնորհային համաձայնագիրի ստորագրման առաջարկին: ՀՀ բնապահպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Էրիկ Գրիգորեան նշեց, որ այս դրամաշնորհը բնապահպանութեան ոլորտին մէջ Հայաստանին յատկացուած ամենախոշոր դրամաշնորհն է, ուր ներառուած չէ վարկային որեւէ բաղկացուցիչ: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։

«Ծրագիրին տեւողութիւնը կը նախատեսուի 8 տարի, պիտի ապահովէ կենսաբազմազանութեամբ հարուստ տարածքներու մէջ բնական միջոցներու պահպանութիւնն ու կայուն օգտագործումը»,- ըսաւ նախարարի պաշտօնակատարը։

Դրամաշնորհային ծրագիրին ծիրէն ներս կը նախատեսուի իրականացնել պահպանուող տարածքներու, բնական միջոցներու եւ բնական յուշարձաններու բարելաւում ու կառավարում, անտառներու կայուն կառավարում, անտառային լանդշաֆտը եւ անտառները վերականգնելու քայլեր, ընտրուած յարակից համայնքներու մէջ հասարակական-տնտեսական զարգացման քայլեր,  բնապահպանական-զբօսաշրջութիւնը խթանելու քայլեր, խորհրդատուական ծառայութիւններ։

Հաշուի առնելով Կովկասի տարածաշրջանի, ներառեալ Հայաստանի իւրայատուկ եւ հարուստ կենսաբազմազանութիւնը՝ իբրեւ ծրագիրի իրականացման վայր պիտի ընտրուին կենսաբազմազանութեամբ հարուստ տարածքները։ Թիրախային տարածքները աշխարհագրականօրէն սահմանափակուած չեն, ծրագիրը հնարաւոր է իրականացնել Հայաստանի Հանրապետութեան որեւէ վայրի մէջ: