Փաշինեան Կոչ Կ՛ընէ՝ Ոգեւորութեամբ Մասնակցելու «Թելեթոն-2018» Դրամահաւաքին

Հայաստան, Սփիւռք

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան կոչ ըրաւ՝ ոգեւորութեամբ մասնակցելու Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի «Թելեթոն-2018» դրամահաւաքին:

«Գիտէք, որ յեղափոխութենէն ետք այնտեղ տեղի ունեցած են ձեզի յայտնի գործընթացները: Մեր խնդիրներէն է հիմնադրամին նկատմամբ վստահութիւնը մեծցնելը: Բոլորը համոզուած ըլլան, որ մենք նախանձախնդիր ենք եւ պիտի ըլլանք այդպիսին՝ ամէն նուիրաբերուած գումարի ծախսուելու արդիւնաւէտութեան առումով: Յոյս ունիմ, նուիրատւութիւններուն չափը էականօրէն պիտի մեծնայ: Նախնական ըսած են, որ Գանատայի, Ֆրանսայի դրամահաւաքի արդիւնքներով նախորդ տարուան ցուցանիշէն էականօրէն աւելի գումար հաւաքուած է»,- յայտարարեց Նիկոլ Փաշինեան, ըստ Armenpress.am-ի: