Հայրենիքի Զարգացման ու Բարգաւաճման Սատարելը Իւրաքանչիւր Հայու Պարտականութիւնն է. Միացեալ Կոչ՝ ԱՄՆ-ի Արեւմտեան Շրջանի Հայկական Մեծագոյն Կազմակերպութիւններուն Կողմէ

Հայաստան, Սփիւռք

ԳՈՐԾԵԼՈՎ համահայկական միասնութեան ոգիով,

ՈՂՋՈՒՆԵԼՈՎ Հայաստանի ժողովուրդի աւելի արդար եւ բաց հասարակութիւն մը ստեղծելու կամքը,

ՆԿԱՏԻ ՈՒՆԵՆԱԼՈՎ, որ Հայաստանի ու Արցախի զարգացումը անվիճելի առաջնահերթութիւն է Հայկական Սփիւռքին համար,

ՃԱՆՉՆԱԼՈՎ Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի եւ իր միջազգային գործընկերներու նշանակալից նուաճումները, եւ այն իրողութիւնը, որ անցեալ 26 տարիներուն Հիմնադրամը ի մի խմբած է Սփիւռքի բոլոր գլխաւոր կառոյցները՝ հայրենիքի զարգացման եւ մարդասիրական կարիքները հոգալու ի խնդիր մեծածաւալ օժանդակութիւն հայթայթելու առաքելութեամբ,

ԵՒ ԶՕՐԱՎԻԳ ԿԱՆԳՆԵԼՈՎ Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի նոր ղեկավարութեան վճռակամութեան՝ կազմակերպութեան թափանցիկութիւնն ու հաշուետուութիւնը արմատականօրէն բարելաւելու,

ՄԵՆՔ՝ ՍՏՈՐԱԳՐԵԱԼՆԵՐՍ,

ԿԸ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏԵՆՔ մեր միաձայն աջակցութիւնը Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի առաքելութեան ու նպատակներուն,

ԵՒ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԵՆՔ իւրաքանչիւր ամերիկահայու՝ իր առատաձեռն մասնակցութիւնը բերելու Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի Գոհաբանութեան Օրուան Միջազգային Թելեթոնին, որ պիտի հեռարձակուի Հինգշաբթի, 22 Նոյեմբեր 2018ին, առաւօտեան ժամը 10էն մինչեւ գիշերուան 10ը: Թելեթոնին նպատակն է համայն հայութեան նեցուկով հայրենիքի տարածքին կիրառել արդի ճարտարագիտութիւններ՝ ինչպէս խորքային հորեր ու կաթիլային ոռոգման համակարգեր, ինչպէս նաեւ տեղադրել արեւային ջերմուժի համակարգեր, որոնք բոլորը մեծապէս պիտի սատարեն Հայաստանի ու Արցախի երկրագործական աննախընթաց զարգացման, նոր գործերու ստեղծման եւ ջերմուժային անկախութեան:

Հայրենիքի զարգացման ու բարգաւաճման սատարելը իւրաքանչիւր հայու պարտականութիւնն է:

 

Նոյեմբեր 16, 2018՝ Լոս Անճելըս