Կատարած Ենք Մեր Ժողովուրդին Առջեւ Ստանձնած Բոլոր Պարտաւորութիւնները. Նիկոլ Փաշինեան

Հայաստան

«Խորհրդարանական ընտրութիւններու քուէարկութեան օրուան դրութեամբ մենք կատարած ենք մեր ժողովուրդի առաջ ստանձնած բոլոր պարտաւորութիւնները` առանց բացառութեան», – այսօր հրաւիրուած մամուլի ասուլիսի ժամանակ յայտարարեց վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան:

Փաշինեան իրականացուած վեց կէտերը թուարկեց, նշելով` Հայաստանի մէջ իշխանութիւնը ամբողջութեամբ վերադարձուած է ժողովուրդին:

«Մենք խոստացած էինք, որ եթէ Հայաստանի ժողովուրդը արտայայտէ իր կամքը, մենք կ’ապահովենք Սերժ Սարգսեանի եւ անոր թիմի հեռացումը իշխանութենէն, ի դէպ` բացարձակապէս խաղաղ ճանապարհով: Այդ պարտաւորութիւնը լիարժէք կատարուած է: Մենք խոստացած էինք, որ Հայաստանի մէջ ընտրութիւններու արդիւնքներու կեղծման սովորութիւնը արմատախիլ պիտի ըլլայ, իշխանութեան ձեւաւորումը տեղի պիտի ունենայ բացառապէս ժողովուրդի ազատ կամարտայայտման միջոցով: 2018 թուականի Սեպտեմբերին տեղի ունեցած Երեւանի աւագանիի եւ Հոկտեմբերին տեղի ունեցած ՏԻՄ ընտրութիւններու արդիւնքներով` պարտաւորութիւնը լիարժէք կատարուած է: Երրորդ` մենք խոստացած էինք անզիջում պայքար մղել փտածութեան դէմ, պարտաւորութիւնը լիարժէք կատարուած է, ի հարկէ փտածութեան դէմ պայքարը կը շարունակուի, եւ ժողովուրդէն իրաւագիր ստանալու պարագային մենք այդ պայքարը պիտի շարունակենք», -ըսած է Փաշինեան:

Վարչապետի պաշտօնակատարը շարունակեց` խոստացած էին վերացնել արհեստական տնտեսական մենաշնորհները, եւ այսօր որեւէ շուկայի մէջ մուտքի խոչընդոտներ եւ այլ սահմանափակումներ չկան: «Ի յայտ կու գան եւ պիտի գան նոր խաղցողներ, հետեւաբար` պարտաւորութիւնը լիարժէք կատարուած է: Խոստացած էինք, որ Հայաստանի մէջ պիտի չըլլան արտօնեալ անձիք եւ պիտի ապահովուի օրէնքի առջեւ բոլոր մարդոց հաւասարութիւնը, պարտաւորութիւնը լիարժէք կատարուած է: Վեցերորդ` խոստացած էինք իրականացնել արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ, պարտաւորութիւնը լիարժէք կատարուած է: Այս ամէնուն եզրակացութիւնը հետեւեալն է` Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ իշխանութիւնը ամբողջութեամբ վերադարձուած է ժողովուրդին եւ իսկապէս կը պատկանի ժողովուրդին», – ըսած է ան, շարունակելով` Հայաստանի իւրաքանչիւր քաղաքացի իր ունեցած մէկ քուէով յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններու պիտի որոշէ երկրի յետագայ ճակատագիրը: