Յունաստանի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Ս­կաուտ­նե­րը Մաս­նակ­ցե­ցան Հոկ­տեմ­բեր 28-ի Տո­ղանցք­նե­րուն

Սփիւռք

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Ա­թէն­քի եւ Գո­քի­նիոյ սկաու­տա­կան մաս­նա­ճիւ­ղնե­րը, ինչ­պէս ա­մէն տա­րի, յու­նաց ազ­գա­յին տօ­նի՝ Հոկ­տեմ­բեր 28-ի «Ոչ»-ի օ­րո­ւան տօ­նա­կա­տա­րու­թեանց ի­րենց աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րին, ան­գամ մը եւս հա­յու­թեան պատ­գա­մա­բեր­նե­րը հան­դի­սա­նա­լով բռնա­կա­լու­թեան դէմ յոյն ժո­ղո­վուր­դի հզօ­րա­գոյն պայ­քա­րի նշու­մին:

Ա­թէն­քի մաս­նա­ճիւ­ղը մաս­նակ­ցե­ցաւ Նէա Զ­միռ­նիի տո­ղանց­քին՝ 68 ան­դամ­նե­րով: Յոյն սկաուտ­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցի­չին կող­քին, պաշ­տօ­նա­կան հիւ­րե­րու շար­քին կանգ­նած էր եղ­բայր Օն­նիկ Ա­ւա­գեան: Գո­քի­նիոյ մէջ, Նի­քէա եւ Ռեն­տիի շրջան­նե­րու բո­լոր սկաու­տա­կան կազ­մե­րու կող­մէ՝ յոյն եւ հայ, Օ­սիա Ք­սե­նիի հրա­պա­րա­կին վրայ գտնո­ւող նա­հա­տա­կաց յու­շար­ձա­նին առ­ջեւ, յար­գան­քի տուրք մա­տու­ցեց եղ­բայր Պետ­րոս Մի­քա­յէ­լեան: Յու­նա­կան դրօ­շին կող­քին, հայ­կա­կան ե­ռա­գոյնն ալ պար­զո­ւե­ցաւ: Տո­ղանց­քին մաս­նակ­ցե­ցան 73 ան­դամ­ներ: Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն, դափ­նեպ­սա­կի փո­խա­րէն, եր­կու մաս­նա­ճիւ­ղնե­րուն կող­մէ նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն կը կա­տա­րո­ւի «­Քի­վո­թոս թու Գոզ­մու» բա­րե­սի­րա­կան հաս­տա­տու­թեան:

Ըստ ա­ւան­դու­թեան՝ տո­ղանց­քէն ետք, կազ­մե­րը վե­րա­դառ­նա­լով ա­կումբ­նե­րը, դի­մա­ւո­րո­րո­ւե­ցան բազ­մա­թիւ հայ­րե­նա­կից­նե­րու կող­մէ, Հ.Մ.Ը.­Մ-ի Շր­ջա­նա­յին եւ տեղ­ւոյն վար­չու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու, տեղ­ւոյն Թա­ղա­յին Խոր­հուրդ­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու, քոյր միու­թիւն­նե­րու եւ Կո­մի­տէ­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու կողմէ: Կար­դա­ցո­ւե­ցան շրջա­բե­րա­կան­ներ, կա­տա­րո­ւե­ցան տե­ղե­կա­տո­ւու­թիւն­ներ եւ աս­տի­ճան­նե­րու բարձ­րա­ցում­ներ: Եղ­բայր Ե­ղի­շէ Շահ­պա­զեան ստանձ­նեց Ա­թէն­քի մաս­նա­ճիւ­ղի խմբա­պե­տու­թիւ­նը, իսկ եղ­բայր Օ­նիիկ Ա­ւա­գեան՝ Շր­ջա­նա­յին խմբա­պե­տի պաշ­տօ­նը: Ներ­կայ էին նաեւ հո­գե­ւոր հայ­րե­րը՝ Պա­րետ Քհնյ. Խա­չե­րեան՝ Գո­քի­նիա եւ Նա­րեկ Քհնյ. Շա­հի­նեան՝ Նէոս Գոզ­մոս, ո­րոնք ի­րենց հայ­րա­կան խօս­քը ուղ­ղե­ցին մեր քոյ­րե­րուն ու եղ­բայր­նե­րուն:

Մեր եր­կու մաս­նա­ճիւ­ղնե­րուն — Ա­թէն­քի եւ Գո­քի­նիոյ — նո­ւա­գա­խում­բով հան­դէս գա­լը մեծ հպար­տու­թիւն եւ հրճո­ւանք պատ­ճա­ռող ե­րե­ւոյթ մըն էր։ Նո­ւա­գա­խում­բին չորս տա­րո­ւան բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը զգա­լի՛ էր. իսկ այժմ մեր թափն ու ե­ռան­դը կը բազ­մա­պատկո­ւին, շնոր­հիւ մեր նուագա­խում­բին։ Այ­սու­հե­տեւ՝ մեր բո­լո՛ր աշ­խա­տանք­նե­րը ա­ռա­ւել կշռոյթ եւ խան­դա­վա­ռու­թիւն կ’ու­նե­նան, շնոր­հիւ մեր նո­ւա­գա­խում­բին։

Ա­յո՛, մենք բո­լորս մէ՛կ խումբ ենք, եւ մեզ ա­ռաջ­նոր­դո­ղը խմբա­յին ո­գի՛ն է։ Սա­կայն, հարկ կը զգանք յա­տուկ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լու այս եր­կա­րա­շունչ ու պա­հանջ­կոտ աշ­խա­տան­քին ե­տին գտնո­ւող, նոր ան­դամ­ներ մէկ առ մէկ ի մի՛ բե­րող ու ան­վե­րա­պա­հօ­րէն նո­ւի­րո­ւած մեր եղ­բօր՝ Խա­չիկ Սափ­րի­չեա­նին եւ նոյն­պէս ան­դուլ եւ նո­ւի­րու­մով աշ­խա­տող մեր խմբա­վար­նե­րուն՝ եղ­բայր­ներ Ա­դամ Չա­լը­քեա­նին եւ Գէորգ Ա­ւա­գեա­նին։

Մեր նո­ւա­գա­խում­բին վե­րա­կազ­մու­թիւ­նը եւ աշ­խոյժ գոր­ծու­նէու­թիւ­նը մե­զի հա­մար պար­տա­կա­նու­թեան խո­րին գի­տակ­ցու­մի դրսե­ւո­րումն է։ Յա­րա­տեւ­ման եւ ծաղ­կու­մի պար­տա­կա­նու­թիւ­նը, զոր ժա­ռան­գե­ցինք մեր ա­ւագ քոյ­րե­րէն ու եղ­բայր­նե­րէն, կը փո­խան­ցե՛նք մեր կրտսեր­նե­րուն։

Բարձ­րա­ցի՛ր, Բարձ­րա­ցո՛ւր

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յու­նաս­տա­նի Շր­ջա­նա­յին Ս­կաու­տա­կան Խոր­հու­րդ